
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 22 յունուարին, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ռայայի դէմ:
ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Միքել Սաատի (30-րդ) եւ Գրիգոր Ահարոնեանի (35-րդ) նշանակած կոլերուն:
Մրցումին հաշիւը 26-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցակից կազմը:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, 47-րդ վայրկեանին նոյնինքն Ահարոնեան նշանակեց իր երկրորդ, իսկ ՀՄԸՄ-ի երրորդ կոլը:
Սակայն 48-րդ եւ 57-րդ վայկեաններուն, Ռայա 2 կոլ նշանակելով հաւասարեցուց արդիւնքը` 3-3:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը: