Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 21 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտիի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ արձանագրել, իսկ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: