
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները աւարտեցան շաբաթ, 21 յունուարին, երբ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մէյրուպա – Սաժես մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով` 81-76 արդիւնքով (14-18, 33-42, 57-61 եւ 76-81):
Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին, որ նշանակեց 30 կէտ: Անոր նորեկ խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 22 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ:
Մէյրուպայէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էմանուէլ Ճոնզ (26):
Տարեշրջանի իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրելով (6 պարտութիւններու կողքին)` Սաժես բարձրացաւ 7-րդ դիրք, Մէյրուպա, որ կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը (3 յաղթանակներու կողքին), նահանջեց 9-րդ եւ նախավերջին դիրք:
Նշենք, որ այժմ ախոյեանութիւնը կ՛առնէ կարճ դադար մը, որովհետեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը նախապատրաստուի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան` Ամմանի մէջ (Յորդանան):