
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Տալաս Մավըրիքս բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 122-73 արդիւնքով: Ասիկա եղաւ Լէյքըրզի այս տարեշրջանի 32-րդ պարտութիւնը:
Թորոնթոյի մէջ, Ռեփթըրզ 115-103 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆէոնիքս Սանզէն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էրիք Պլետսոյէ նշանակեց 40 կէտ:
Մինեսոթա Վուլվզ 111-108 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցի, մինչ երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին Օրլանտօ Մեճիք պարտուեցաւ իր հիւրէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Վերջինիս մաս կազմող Սթեֆըն Քարի նշանակեց 27 կէտ:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Պրուքլին Նեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Մայեմի Հիթ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Միլուոքի Պաքս – Հիուսթըն Ռոքեթց
Նիւ Օրլինզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի