Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն դուրս մնացած սերպ մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ ըսաւ, որ իր երկրին հետ պիտի մասնակցի թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 3-5 փետրուարին, երբ անոր կազմը հիւրընկալէ Ռուսիան:
Սկզբունքով 29 տարեկան Ճոքովիչ մտադիր չէր «Տէյվիս Քափ»-ին մասնակցիլ: Սակայն նկատի ունենալով, որ ան դուրս մնաց Աւստրալիոյ մրցաշարքէն, ան որոշեց մասնակցիլ այդ մրցաշարքին: