Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էտտէ Պաթրուն մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 8-0 արդիւնքով:
Սերժ Տօնապետեան նշանակեց 4 կոլ, մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Արեգ Թասլաքեան, Երուանդ Վարդգէս Մանասերեան, Պասել Ֆաքիհ եւ Ապպաս Սաատէ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Այս հանգրուանի աւարտէն ետք, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը բարձրանան Բ. դասակարգ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւողը փլէյ-օֆի մրցում կը կատարէ Բ. դասակարգի` վարէն երրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ` նկատի ունենալով, որ վերջին երկուքը կը փոխադրուին Գ. դասակարգ: