Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս` 88-48

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը, 88-48 արդիւնքով (27-11, 17-10, 23-18 եւ 21-9) յաղթանակ մը արձանագրեց: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը. Ֆարահ Հարաքէ (17), Ժիւըլ Թանսթուլ, Մեղրի Թորոսեան (14-ական), Այտա Պախոս (13), Ֆէյ Ֆրենս, Քաթերին...

Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ-Չես-2017». Արոնեանի Արագ Յաղթանակը

Հոլանտական Վիյք Ան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Թաթա Սթիլ-Չես -2017»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը` Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթեց Ռիչըրտ Ռափորթի: 20 տարեկան հունգարացին 20-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Արոնեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք իր տրամադրութեան տակ ունի 6 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի Ուեսլի...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – «Էյ. Եու. Սի. Ի.»` 4-3

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի դէմ, երկարաձգումէն ետք 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Նշենք, որ մրցումին Բ. կիսախաղը վերջ գտաւ 2-2 հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան, Աւօ Տոնպուրեան եւ Աւօ Յարութիւնեան: Այս մրցումը տեղի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ քանի մը կարեւոր որոշումներ: Նախ եւ առաջ վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Թրիփոլի - Անսար 13:45 Թրիփոլի Ահտ - Շապապ Սահել 14:15 Ահտ ՇԱԲԱԹ, 28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ  ...

Թենիս. Ալեքսանտր Սարգիսեանի Յաղթական Սկիզբը

Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսեան յաղթանակով սկսաւ ամերիկեան Մաուի կղզիին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Հաուայ-Չելընճըր» միջազգային մրցաշարքը: Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, հայկական արմատներով 26 տարեկան մարզիկը յաղթեց ամերիկացի Ճերըտ Տոնալտսընին` 5-7, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով: 1-8-րդ հանգրուանին Սարգիսեան կը մրցի Անտրէ Իլական (Միացեալ Նահանգներ) - Ժեն Լի (Չինաստան) մրցումի յաղթականին դէմ:

Պոլթ Զրկուեցաւ Ողիմպիական Խաղերու Ոսկի Մետալէն

Ողիմպիական 9-Ակի Ախոյեան, Աշխարհի 100 Եւ 200 Մեթր Վազքի Մրցանշակիր Ուսէյն Պոլթ Զրկուեցաւ 2008-Ի Ողիմպիականին Իր Տիրացած Ոսկի Մետալէն, Կը Յայտնէ «Տը Կարտիըն»: Անոր Խմբակիցին` Նեսթա Քարթըրի Կողմէ Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Պատճառով Ան Իր Խմբակիցներուն Հետ Զրկուեցաւ Տղոց 4x100 Մեթր Վազքի Ոսկի Մետալէն: Այսպիսով, Ան Այժմ Ողիմպիականի 8-Ակի Ախոյեան Է:

Լոնտոն-2012. Ռուսիոյ Տղոց Վոլիպոլի Խումբը Կրնայ Զրկուիլ Ոսկի Մետալէն

Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ տղոց վոլիպոլի խումբը կրնայ զրկուիլ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն եւ տիրացած ոսկի մետալէն: Միջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ խումբին մաս կազմող 7 մարզիկներուն վրայ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք խթանիչ դեղեր օգտագործած են:

40 Տարի Իր Պաշտօնին Վրայ Մնալէ Ետք. Պըռնի Էքլըսթոն Հեռացաւ Իր Պաշտօնէն

«Օթօ Մոթըր Էնտ Սփորթ» յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի թեքնիք տնօրէն Պըռնի Էքլըսթոն 40 տարի պաշտօնավարելէ ետք ի վերջոյ հեռացաւ իր պաշտօնէն: Այսպիսի որոշում տուին ինքնաշարժի «Լիպըրթի Միտիա» կազմակերպութեան նոր սեփականատէրերը: Ասիկա կը նշանակէ, որ 86 տարեկան անգլիացին, այսուհետեւ բանակցութիւններ պիտի չկատարէ մրցումներու կազմակերպիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի չզբաղի քաղաքական հարցերով: Կը նշուի սակայն, որ անոր պիտի առաջարկեն «Ֆորմիւլա-1»-ի պատուոյ նախագահի պաշտօնը...

Թենիս.  Սերենա Ուիլիըմզ 34-րդ Անգամն Ըլլալով Հասաւ Կրան Շլեմի Կիսաւարտականին

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմզ 34-րդ Անգամն Ըլլալով Հասաւ Կրան Շլեմի Կիսաւարտականին

Սերենա Ուիլիըմզ (աջին) Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ 2-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց 9-րդ դասուած անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի: 35 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 34-րդ անգամն ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի տարբեր մրցաշարքերուն կիսաւարտական...

«Էն. Պի. Էյ». Ուիզըրտծ Յաղթեց Սելթիքսի

Էնտրու Ուիկինզ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Պոսթըն Սելթիքս, որ Ուաշինկթընի մէջ հիւրը եղաւ Ուիզըրտծի, կրեց իր 18-րդ պարտութիւնը` 123-108 արդիւնքով: Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) նշանակեց 25 կէտ: Ֆէոնիքսի մէջ Սանզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 112-111 արդիւնքով պարտուեցաւ Մինեսոթա Վուլվզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էնտրու Ուիկինզ նշանակեց 31 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Սաքրամենթօ Քինկզ...

Պարսելոնա Մեսսիին Կ՛առաջարկէ Տարեկան 40 Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձ

Սպանական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Պարսելոնա իր արժանթինցի յառաջապահին` Լիոնել Մեսսիի համար կ՛առաջարկէ տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Նոր պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2022: Նշենք, որ քաթալոնական ակումբին հետ 29 տարեկան Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ի ամառը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 25 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ` Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին (107-49)

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ` Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին (107-49)

PROFOTO Պասքեթպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի), Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 107-49 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ: Առանց համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Լիբանան բոլոր քորթըրներուն ալ տիրապետեց Սուրիոյ (34-13, 53-27, 80-42 եւ 107-49): Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ֆատի Խաթիպ (21), ապա յաջորդաբար` Շարլ Թապեթ (14), Ուաէլ Արաքժի (11), Աթեր Մաճոք եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզ Պարտուեցաւ… Հակառակ Ըրվինկի Նշանակած 49 Կէտին

Քիրի Ըրվինկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 9 ճակատումներ: Նիւ Օրլինզ, որ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը, պարտութեան մատնեց իր հիւրը երկու կէտի տարբերութեամբ` 124-122 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 49 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը` 30 յաղթնակներու կողքին: Այժմ Քաւալիրզ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը: Մայեմի Հիթի դաշտին վրայ պարտութիւն...

Թենիս.  Վանտեվեկը Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Մրցաշարքի Մը Կիսաւարտականին

Թենիս. Վանտեվեկը Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Կրան-Շլեմի Մրցաշարքի Մը Կիսաւարտականին

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի ճակատումները: Քոքօ Վանտեվեկը Աղջկանց մրցումներուն ամերիկացի Քօքօ Վանտեվեկը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականին, երբ 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 7-րդ դասուած սպանացի Կարպին Պլանքոյի: 25 տարեկան ամերիկացին, որ նախորդ հանգրուանին յաղթեց թիւ...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 2017-ի Մրցաշարքը Տարբեր Պիտի Ըլլայ Նախորդներէն

18-25 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն, յայտնեցին կազմակերպիչները: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող երեք կարեւոր վարժարաններու խումբեր: Անոր մեծ անակնկալը պիտի ըլլայ Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբին մասնակցութիւնը: Ներկայ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ պիտի ապահովուի Լիբանանեան խումբերուն վերադարձը` Սաժեսի եւ Ռիատիի մասնակցութեամբ: Հիւրընկալ երկրէն` Արաբական Միացեալ...

2018-ի Մոնտիալ. Վիճակաձգութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Քրեմլինի Մէջ

ՖԻՖԱ-ն համաձայն գտնուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` 2018-ի մոնտիալի վիճակաձգութեան համար նախատեսուած վայրին համար: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 1 դեկտեմբեր 2017-ին` Քրեմլինի մէջ: Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Վիթալի Մութքօ ըսաւ, որ իրենք այս առաջարկը ներկայացուցին, եւ անոր գծով ՖԻՖԱ-ն ոչ մէկ արգելք գտաւ:

Թէյմուրեան Եւ Մկոյեան Դարձան Իրարու Խմբակից

Անդրանիկ Թէյմուրեան (աջին) Իրանեան Մաշին Սազիի 33 տարեկան միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան տեղափոխուեցաւ Իսթիղլալ, այս մասին կը յայտնեն իրանեան մարզական լրատուամիջոցները: Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը, որ իր նոր ակումբին միացաւ ազատ մարզիկի կարգավիճակով, 6 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անոր հետ: Իսթիղլալին միանալով ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան:

Էշլի Եանկ Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

«Սքայ Սփորթս» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Էշլի Եանկ շատ հաւանաբար հեռանայ «Օլտ Թրեֆորտ»-էն: Կը նշուի, որ ան կը քննարկէ անգլիական քանի մը ակումբներէ իրեն եկած առաջարկը, ինչպէս նաեւ չինական ակումբի մը բաւական «լաւ առաջարկը»:

Գերմանիա Կ՛ուզէ Հիւրընկալել Եուրօ-2024-ը

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ կը փափաքի հիւրընկալել Եուրօ-2024-ը: Անիկա իր թեկնածութիւնը պէտք է առաջադրէ նախքան 3 մարտ 2017-ը: 10 մարտին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պիտի հրապարակէ անունները այն երկիրներուն, որոնք առաջադրած են իրենց թեկնածութիւնը: Հիւրընկալ երկրին անունը պաշտօնապէս կը յստականայ սեպտեմբեր 2018-ին: Կը նշուի, որ Գերմանիա իր կողքին պիտի ունենայ սքանտինաւեան երկիրները` նկատի ունենալով, որ...

Page 1018 of 1277 1 … 1,017 1,018 1,019 … 1,277

Արխիւներ