Թենիս. Քարլոս Ալքարաս Եւ Նովաք Ճոքովիչ Կրնան Իրարու Հանդիպիլ Եու. Էս. Օփընին
Երէկ, տեղի ունեցաւ Եու. Էս. Օփընի թենիսի բաց մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը, ուր յստակացաւ, թէ Քարլոս Ալքարաս կրնայ հանդիպիլ Նովաք Ճոքովիչի (եթէ անշուշտ մնան անյաղթ) կիսաւարտականին: Թիւ 2 թենիսմէն Ալքարաս, 38 տարեկան սերպ թենիսմէնէն պարտութիւն մը կրած էր այս տարի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին եւ 5-3 ճակատումներու արդիւնքով ետ կը մնայ վեթերան թենիսմէնէն, որ պիտի փորձէ իր 25-րդ կրան շլեմի մրցաշարքը շահիլ` բարելաւելով...




















