Մարզական

Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի տիտղոսակիր դարձաւ Աւստրալիա, որ կիրակի օր 1 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ պարտութեան մատնել Չինաստանը` դառնալով ախոյեան յաջորդական 3-րդ անգամը ըլլալով: 2017-ին Ասիոյ ֆետերասիոնին միանալէ ետք, Աւստրալիա միշտ ալ առանց պարտութեան կրցաւ աւարտել 3 մրցաշարքերը: Բայց պէտք է նշել, որ վերջին 2 տիտղոսներուն Լիբանան 2022-ին եւ այս տարի Չինաստան չնչին տարբերութեամբ միայն տեղի տուին` փաստելով, որ ասիական խումբերուն մակարդակը...

Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Փարիզ Սեն Ժերմեն կիրակի գիշեր 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նանթը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, լաւ ձեւով սկսելով նոր տարեշրջանը: Մայրաքաղաքի ակումբը, որ յաջորդական իր 5-րդ տիտղոսը կը հետապնդէ, տարեշրջանի փոփոխութիւն չզգաց, մանաւանդ որ խումբը գրեթէ դադար չունեցաւ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի յաղթանակէն հազիւ 2 շաբաթ ետք ակումբը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու ակումբներու մոնտիալին: Ամիս մը ետք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի փենալթիներով...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ Յաղթեց Պզտիկ Սխալէ Մը Օգտուելով

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Յաղթեց Պզտիկ Սխալէ Մը Օգտուելով

Կիրակի երեկոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ «Օլտ Թրաֆորտ»-ի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արսենալէն, ուր իտալացի յետսապահ Ռիքարտօ Քալաֆիորի գլխու հարուածով նշանակեց մրցումի միակ կոլը 13-րդ վայրկեանին: Պէտք է ըսել, որ Արսենալի յետսապահ Կապրիել նեղի բերած էր Եունայթըտի բերդապահ Ալթայ Պայընտըրը` զայն հրելով... Պայընտըր միայն կրցած էր դպնալ գնդակին, որ շարունակեց դէպի Քալաֆիորի, որ շատ դիւրին գործ ունէր ընելիք` զայն զետեղել...

Սփերձեան Տուպլէ Իրագործեց

Սփերձեան Տուպլէ Իրագործեց

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով, անցեալ տարուան ախոյեան Կրասնոտար 5-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց Սոչիի դէմ մրցումին: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ եւ Կրասնոտարի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան երկու կոլ նշանակեց, 3-րդ կոլի փոխանցում մըն ալ կատարեց եւ այժմ 1 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն (13 կէտ): Սփերձեան, որուն հետ վերջերս կապի մէջ մտած էր Սաութհեմփթըն, յայտնեց,...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթանակով Սկսաւ

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթանակով Սկսաւ

Անցեալ տարուան «Լա լիկա»-ի ախոյեան Պարսելոնա տարեշրջանը սկսաւ լաւ ձեւով` շարունակելով անցեալ տարեշրջանի գեղեցիկ ելոյթները. եւ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մայորքան, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Մրցումին ազդանշանէն, Պարսելոնա յարձակումի անցաւ եւ 7-րդ վայրկեանէն կոլ ալ նշանակեց, երբ Լամին Եամալի օդային գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Ռաֆինիա գլխու հարուածով գրաւեց Մայորքայի բերդը: Մայորքա փորձեց փոխադարձել, եւ Ժոան Կարսիաէն ետք Վետաթ Մուրիքի առիթներ...

Նշմար.  Երբ Առիթէն Չես Օգտուիր…

Նշմար. Երբ Առիթէն Չես Օգտուիր…

ԿԱՐՕ Կ. Ֆութպոլը աշխարհի թիւ 1 մարզախաղն է, եւ ինչպէս կ՛ըսեն «թագաւորը»: Թէ դիւրին խաղ է կամ դժուար, ճիշդ պատասխան չկայ, բայց յստակ բան կայ, որ մարզիկները իրենք կրնան դիւրացնել կամ դժուարացնել խաղը: Իրար յոգնեցնելն ալ նոյն ձեւով պատճառ կրնայ դառնալ, որ խումբ մը արդիւնք չտայ: Շաբաթ օր Պհամտուն մեկնեցանք դիտելու եւ քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որ լրջօրէն կը պայքարի...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յետաձգեց Իր Բարձրանալը

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յետաձգեց Իր Բարձրանալը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շաբաթ օր Պհամտունի մէջ «ոսկի առիթ» մը կորսնցուց ապահովելու Գ. դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը, երբ 1-1 արդիւնքով աւարտեց Ռաուտա Տըքուանէի դէմ իր մրցումը: Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի նախավերջին իր մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը: 6-րդ վայրկեանին Յակոբ Նաճարեանի փոխանցումէն ետք Եուսեֆ Համատէ պարտութեան մատնեց մրցակից բերդապահը, սակայն Տըքուանէի բերդին սիւնը զսպեց հարուածը: 2...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումին Տոմսերը` Սպառած

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումին Տոմսերը` Սպառած

2026-ի Մոնտիալի զտումի Հայաստան - Փորթուգալ մրցումին տոմսերը ամբողջութեամբ սպառած են: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակած է այս տեղեկութիւնը: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, 6 սեպտեմբերին: Տոմսերը վաճառուելու սկսած եւ սպառած են նոյն օրը:  

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ Սենթլուիսի  Զոյգ Մրցաշարքերը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ Սենթլուիսի Զոյգ Մրցաշարքերը

Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան, որ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ կը մասնակցի, շահեցաւ «Կրենտ Չես Թուր Սենթ Լուիսի ռափիտ Էնտ պլից» մրցաշացքին տիտղոսը: Կայծակնային (պլից) 16-րդ հանգրուանին հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք ֆրանսացի վարպետ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ, Արոնեան անհասանելի դարձաւ իր մրցակիցներուն, հռչակուեցաւ ախոյեան եւ վաստկեցաւ 40 հազար ամ. տոլար մրցանակ: Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Լեւոն Արոնեան (Միացեալ Նահանգներ) 13 2.- Ֆապիանօ...

Ճատրակ.  Սուսաննա Գաբոյեան Ա. Խումբի Լաւագոյն Ճատրակի Մասնակից

Ճատրակ. Սուսաննա Գաբոյեան Ա. Խումբի Լաւագոյն Ճատրակի Մասնակից

Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճատրակի միջազգային «7-րդ Թեսաղոնիկէի բաց ճատրակի մրցաշարք»-ը, ուր Ա. խմբակի լաւագոյն կին մասնակից ընտրուեցաւ աղջկանց միջազգային վարպետ Սուսաննա Գաբոյեան, որ կարելի 9 կէտերէն վաստկեցաւ 5 կէտ: Նոյն խումբին պատանի մասնակիցներ Արեն Մնացականեանի եւ Ալեքսանտր Աւանէսեան վաստկեցան 5,5 եւ 5 կէտ: Ալեքսանտր 115,6 կէտով բարելաւեց իր միջազգային կէտերը: Մրցաշարքի Բ. խմբակին մէջ Սոֆիա Բաղրամեան վաստկեցաւ...

Գերմանիոյ Գերբաժակ.  Պայերն Միւնիխ Շահեցաւ 11-րդ Տիտղոսը

Գերմանիոյ Գերբաժակ. Պայերն Միւնիխ Շահեցաւ 11-րդ Տիտղոսը

Գերմանիոյ ֆութպոլի տարեշրջանը պաշտօնապէս սկսաւ, երբ շաբաթ գիշեր Պայերն Միւնիխ եղաւ հիւրը Շթութկարթի` Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումին, որ այսուհետեւ պիտի կոչուի «Ֆրանց Պեքընպաուըր բաժակ»: Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթեց մրցումին, որուն ընթացքին իբրեւ լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Պայերնի խմբապետ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր: Պայերն լաւ փոխանցումներով խմբային խաղ կիրարկեց, մինչ Շթութկարթ աւելի վտանգեց Նոյըրի բերդը, որ սակայն մնաց անառիկ մինչեւ 93-րդ վայրկեան, երբ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Սիթի Յաղթանակներով Սկսան

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Սիթի Յաղթանակներով Սկսան

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը սկսաւ ուրբաթ գիշեր, երբ ախոյեան Լիվըրփուլ բաւական դժուար յաղթանակով սկսաւ Պորնմաութի դէմ, որ 2-0 ետ մնալէ ետք կրցած էր 2-2-ի դարձնել արդիւնքը: Լիվըրփուլ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ Սալահ քիչ մնայ բանար մրցումին հաշիւը, բայց սերպ բերդապահ Ճորճէ Փեթրովիչ զսպեց անոր ձախ ոտքի ուժգին հարուածը: Քիչ ետք, այս անգամ Սալահ փոխանցեց Վան Տայքին, որուն գլխու հարուածը քիչ...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Վաղը, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ժամը 16:00-ին պիտի մրցի Ռաուտա Տըքուանէ խումբին դէմ: Այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4 մրցումներ խաղցած է անցեալ 31 մայիսէն ի վեր` յաղթելով 4 մրցումներուն ալ, նշանակելով 23 կոլ եւ ստանալով միայն 1 կոլ: Պաշտպանողական գիծի մարզիկները լաւ ձեւով իրենց գործը կը կատարեն` իրենց ետին ալ բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ: Միջնապահ գիծը,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Լիվըրփուլ – Պորնմաութ Վաղը` Պայերն Միւնիխ – Շթութկարթ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Լիվըրփուլ – Պորնմաութ Վաղը` Պայերն Միւնիխ – Շթութկարթ

Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ կը սկսի 2025-2026 եղանակը, այս ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումները, Ֆրանսայի մէջ ալ կը սկսին «Լիկ 1»-ի մրցումները, Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն նման, մինչ Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումները: Գերմանիոյ մէջ ալ բաժակի մրցումներ ալ տեղի կ՛ունենան, մինչ Պայերն Միւնիխ եւ Շթութկարթ իրար կը հանդիպին Գերմանիոյ գերբաժակի...

Եւրոպայի Գերբաժակ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Փենալթիներով Յաղթեց

Եւրոպայի Գերբաժակ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Փենալթիներով Յաղթեց

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ձախող ելոյթ կ՛ունենար Իտալիոյ մէջ, Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին` Թոթենհամի դէմ, որ շատ աւելի լաւ կը խաղար: Միքի Վան Տը Վեն եւ խմբապետ Քրիսթիան Ռոմերօ կոլեր ալ նշանակեցին 39-րդ եւ 48-րդ վայրկեաններուն: Փարիզ Սեն Ժերմեն դէպի պարտութիւն կ՛ուղղուէր, երբ քորէացի Քանկ-Ին Լի կրցաւ կոլ նշանակել 85-րդ վայրկեանին, Կոնսալօ Ռամոս 94-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը`...

Ճատրակ.  Արոնեան Կը Մնայ Բ. Դիրքի Վրայ

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մնայ Բ. Դիրքի Վրայ

Սէյնթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) կը շարունակուի արագ եւ կայծակնային ճատրակի մրցաշարքը, որուն մասնակից հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ իր յաջող ընթացքը: Առաջին երկու օրերու 6 հանգրուաններէն ետք տեղի ունեցան երրորդ օրուան յաջորդ 3 հանգրուանները, որոնք արագ ճատրակի վերջին 3-ն էին: Արոնեան 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սամ Շենքլենտի, երկրորդ մրցումին (8-րդ հանգրուան) պարտութեան մատնեց Կրեկորի Օփարինը, իսկ 9-րդ եւ վերջին...

Պասքեթպոլ. Լիբանան Դուրս Ձգեց Թեկնածու Ճափոնը` 97-73 Արդիւնքով.  Այսօր` Լիբանան – Նոր Զելանտա

Պասքեթպոլ. Լիբանան Դուրս Ձգեց Թեկնածու Ճափոնը` 97-73 Արդիւնքով. Այսօր` Լիբանան – Նոր Զելանտա

Հաւասարակշռուած յարձակումներով եւ անընդհատ պայքարով հարուստ մրցումէ մը ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը 97-73 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Ճափոնը, հասաւ Ասիոյ բաժակի քառորդ աւարտականին, ուր այսօր ժամը 19:00-ին կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ: Թիւ 2 դասուած Ճափոն անակնկալի մատնուեցաւ, երբ Լիբանան վերջապէս իր իսկական մակարդակը ցոյց տուաւ` խմբակներու գծով 2 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք Աւստրալիայէն եւ Հարաւային Քորէայէն:...

Ճատրակ.  Արոնեան Առաջին Օրը Առաջին, Երկրորդ Օրը` Երկրորդ

Ճատրակ. Արոնեան Առաջին Օրը Առաջին, Երկրորդ Օրը` Երկրորդ

Սէյնթ Լոփսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ընթացք առաւ «Կրենտ Չես Թուր, Սէյնթ Լուիս Ռեփիտ էնտ պլից 2025» արագ եւ կայծակնային ճատրակի մրցաշարքը, ուր ամէն օր կը խաղցուին երեք հանգրուաններ: Առաջին օրուան մրցումներուն, հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան իր երեք խաղերն ալ յաղթելով առանձին գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը: Ան առաջին մրցումին պարտութեան մատնեց աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տոմարաճուն, երկրորդին` Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւը, իսկ երրորդ մրցումին`...

Ռումենիկէ. «Ֆութպոլի Ղեկը Պէտք Է Ակումբներու  Մօտ Մնայ Ո՛չ Մարզիկներուն Ոչ Ալ Ուլթրազ-ներուն»

Ռումենիկէ. «Ֆութպոլի Ղեկը Պէտք Է Ակումբներու Մօտ Մնայ Ո՛չ Մարզիկներուն Ոչ Ալ Ուլթրազ-ներուն»

Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի պատմական հին մարզիկներէն Քարլ-Հայնց Ռումենիկէ, որ այժմ վարչական պատասխանատու է Պայերն Միւնիխի մէջ, մտահոգ է եւ կը կարծէ, որ ակումբներ քիչ մը շատ կը վճարեն մարզիկներուն, որոնց ձեռքը պիտի ըլլայ ուժը այս ընթացքով: Խօսքը անշուշտ մարզիկներուն եւ անոնց գործավարներուն համար է, որոնք զուտ վաճառականներ դարձած են` մոռնալով որեւէ պատկանելիութիւն: «Քիքըր»-ն հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին...

Ճերարտ. «Օուըն Եամալէն Եւ Էմպափէէն Աւելի Լաւ Էր»

Ճերարտ. «Օուըն Եամալէն Եւ Էմպափէէն Աւելի Լաւ Էր»

Լիվըրփուլի պատմական միջնապահ Սթիւըն Ճերարտ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մայքըլ Օուընը համեմատած է Լամին Եամալի եւ Քիլիան Էմպափէի հետ` ընդգծելով, որ Օուըն իր պատանեկան տարիներուն գերազանցած է անոնց: Պարսելոնայի 18 տարեկան աստղ Եամալ 2025-ին («Պալոն տ՛օր»-ի թեկնածուներէն մէկն է եւ կրնայ ամէնէն երիտասարդ մրցանակակիրը ըլլալ: Ռոնալտօ 1997-ին «Պալոն տ՛օր»-ը շահած էր` դառնալով ամէնէն երիտասարդ տիտղոսակիրը: 26...

Page 102 of 1275 1 … 101 102 103 … 1,275

Արխիւներ