Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Վճռական Օրը

Օգոստոս 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը տարեշրջանի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ:

Ամբողջ տարեշրջանին փայլուն արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, այժմ մէկ մրցում կայ, 90 վայրկեաններ, որոնք պիտի վճռեն, թէ խումբը արժանի՞ է Գ. դասակարգ բարձրանալու, թէ՞ ոչ:

Վստահաբար ամէն անձ կ՛ուզէ յաղթել, համակիրը միշտ կ՛ուզէ յաղթել, պատասխանատուները իրենց գիշերը ցերեկին խառնելով կ՛աշխատին, որ խումբը ամէն ինչով պատրաստ ըլլայ: Մարզիկներն ալ անշուշտ կ՛ուզեն յաղթել, բայց իրականութեան մէջ միայն մարզիկներն են, որոնք կարողութիւնը ունին այդ մէկը իրագործելու:

Մրցումի պահուն ո՛չ համակիրը կրնայ կոլ նշանակիլ, ո՛չ ալ մարզիչը կամ պատասխանատուն, բայց անոնց քաջալերանքը եւ աշխատանքը մղիչ ուժ կրնան տալ տղոց, որպէսզի իրենց առաւելագոյնը տան դաշտին վրայ` տարուան ամէնէն կարեւոր մրցումին:

Այս կիրակի ամէն ինչ կը մոռցուի, եւ երբ իրաւարարը սուլէ մրցումի ազդանշանը, կը սկսի մրցումը, որուն ընթացքին պէտք է ըլլանք ղեկը առնողը` գիտնալով, որ մրցակից խումբը երիտասարդ է ու արագ, պէտք է լաւ սերտենք անոնց յարձակողական ծրագիրները, եւ մեր կարգին արագ ու կարճ փոխանցումներով հակայարձակումներ կազմակերպելով գրաւենք մրցակիցի բերդը:

Երիտասարդ խումբեր շատ շուտ կրնան կորսուիլ դաշտին վրայ, երբ կոլ ստանան, եւ պէտք է օգտուիլ ամէն սխալէ:

Անցեալ շաբաթ երկար փոխանցումներով մենք մեզի յոգնեցուցինք եւ մրցումի կարեւոր պահերուն ուժաթափ էինք: Պէտք է զգուշ ըլլալ եւ իրար մօտ ըլլալով կարճ փոխանցումներով խմբային հանդարտ խաղ խաղալ:

Յուսանք, որ օրուան իրաւարարն ալ արդար ըլլայ` յաւելեալ պրկում չյառաջացնելով համակիրներուն թէ մարզիկներուն մօտ:

Համակիրներէն կը սպասուի կիրակի յետմիջօրէի իրենց պտոյտները յետաձգել եւ դաշտ գալով քաջալերել տղաքը, որոնք դրական արդիւնքէն ետք կը բարձրանան Գ. դասակարգ:

 

Նախորդը

Մելիքեան. «Նպատակս Պայքարող Խումբ Ունենալն Է…»

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Հայազգի Ականաւոր Գործիչներու Եւ Զինուորներու Յուշարձաններու Եւ Կիսանդրիներու Քանդումը Անպատուաբեր Արարք Է» Կ՛ըսէ Փութինի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Մելիքեան. «Նպատակս Պայքարող  Խումբ Ունենալն Է…»
Մարզական

Մելիքեան. «Նպատակս Պայքարող Խումբ Ունենալն Է…»

Օգոստոս 22, 2025
Ճատրակ.  Արոնեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ընթացքը
Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ընթացքը

Օգոստոս 22, 2025
Ըմբշամարտ.  Արթուր Ալեքսանեան Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?