Մարզական

Նշմար.  Վերջապէ՛ս…

Նշմար. Վերջապէ՛ս…

ԿԱՐՕ Կ. Գրիչս բռնեցի բան մը գրելու, բայց... ի՞նչ գրէի: Շաբաթներէ ի վեր կը գրէի, կը գովաբանէի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի արդիւնքները, մարզիկներուն եւ վարչութեան տարած աշխատանքը, կարծես այլեւս բառեր չկային աւելցնելու: ՀՄԸՄ-ի համակիրները բաւական հեռացած էին ֆութպոլի մթնոլորտէն եւ աւելի մօտեցած պասքեթպոլին, ուր յաղթանակները աւելի ուրախութիւն կը պատճառէին: Ֆութպոլը «լքուած» էր, մինչ համակիրները դժգոհ վիճակէն հեռացած էին` առանձին ձգելով մարզիկները...

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ-ը` Փոխախոյեան

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ը` Փոխախոյեան

Լեռնալիբանանի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները, յաղթելէ ետք Սալամ Պասաթինի, դարձան փոխախոյեան: ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան այս մրցաշարքին, որուն ախոյեան դարձաւ Սաֆա Շուէյֆաթ (Պիպլոս): Այս ախոյեանութեան մեծ թիւով մարզիկներ փայլեցան, եւ ամէն դիրքի վրայ լաւ մարզիկներ ունենալով, փայլուն ապագայ կը խոստանան ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները: Լաւ աշխատանքով եւ նուիրումով բոլորն ալ կրնան բարձր պահել ՀՄԸՄ-ի ապագայի...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան  Հաւասարութիւն Մը Եւս Արձանագրեց

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Եւս Արձանագրեց

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» ճատրակի 6-րդ հանգրուանին, հայազգի վարպետ Լեւոն Արոնեան սպիտակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուեզլի Սոյի հետ: 5-րդ հանգրուանին ալ Արոնեան հաւասարութիւն արձանագրած էր Ալիրեզա Ֆիրուժայի հետ (Ֆրանսա) սեւ քարերով: Ան այժմ կը գրաւէ Բ. դիրքը Ֆապիանօ Քարուանայի ետին, որ կէս կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէ առաջին դիրքը: Ստորեւ` դասաւորումը` 6 հանգրուաններէ ետք. ԿԷՏ 1.-...

Թենիս.  Ամերիկացի Թենիսմենները Լաւ Ձեւով Սկսան «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Թենիս. Ամերիկացի Թենիսմենները Լաւ Ձեւով Սկսան «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Ամերիկացի թենիսի համակիրները յոյսով են, որ այս տարի կրնայ բախտը ժպտիլ «տեղացի» թենիսմենի մը, որ վերջապէս շահի «Եու. Էս. Օփըն»-ը` մօտ քառորդ դարի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մեծ առիթ ունենալով: Առաջնակարգ թեկնածուներ են Թէյլըր Ֆրից եւ Պեն Շելթըն, որոնք վերջերս բարձր մակարդակի թենիս կը ցուցաբերեն: Շելթըն, որ թիւ 6 դասուած է եւ երկու անգամ կրան շլեմի կիսաւարտական հասած, իր առաջին...

Էմ. Էլ. Էս.  Միւլըր Եւ Սոն Իրենց Առաջին Կոլերը Նշանակեցին Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Էմ. Էլ. Էս. Միւլըր Եւ Սոն Իրենց Առաջին Կոլերը Նշանակեցին Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Պայերն Միւնիխի նախկին աստղերէն Թոմաս Միւլըր իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Էմ. Էլ. Էս.-ի մէջ` Վանքուվըր Ուայթքեփսի շապիկով, հիմնական խումբին հետ, իբրեւ խմբապետ, եւ առաջին կոլը նշանակելով յաղթանակ նուիրեց իր նոր ակումբին: Առաջին կիսախաղին Սէյնթ Լուիս Սիթի այնքան ալ չկրցաւ օգտուիլ առիթներէն, բայց բացաւ մրցումին հաշիւը շնորհիւ գերմանացի Էտուարտ Լովընի: Կիսախաղէն վայրկեան մը առաջ, Պրայըն Ռայթ փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Պրազիլցի...

Տոնարումա Հրաժեշտ Տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Համակիրներուն

Տոնարումա Հրաժեշտ Տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Համակիրներուն

Իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումա հրաժեշտ տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի համակիրներուն` լքելով փարիզեան ակումբը, «Լիկ 1»-ի Բ. շաբթուան Անժէի դէմ մրցումէն ետք: Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Տոնարումա շրջան մը ըրաւ մրցումէն ետք վերջին բարեւները տալով ֆրանսական ակումբի համակիրներուն: Տոնարումա գոհ էր իր վիճակէն խումբին մէջ, բայց աւելի բարելաւուած եկամուտ կը փափաքէր ունենալ, բան մը, որ...

Էտուարտ Սփերձեան Կը Բարելաւէ  Իր Մրցանիշը

Էտուարտ Սփերձեան Կը Բարելաւէ Իր Մրցանիշը

Կրասնոտարի յարձակող միջնապահ եւ խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան դարձաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի մրցանշակիր իր արդիւնաւէտ գործողութիւններով (կոլ եւ էսիսթ): 6-րդ հանգրուանին Կրիլիա Սովետովի դէմ 6-0 արդիւնքով լայն յաղթանակէն ետք սահմանուեցաւ Սփերձեանի մրցանիշը` նշանակելով 1 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ: Սփերձեան Ռուսիոյ ախոյեանութեան ընթացքին 121 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 44 կոլ եւ կատարած 28 էսիսթ: Ան Կրասնոտարի ակադեմիայի սան է, եւ անոր...

28 Տարի Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. Դասակարգ Բարձրացաւ

28 Տարի Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. Դասակարգ Բարձրացաւ

Երէկ պատմական օր էր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին համար: Արդարեւ, Գ. դասակարգ բարձրանալու համար 3 յաջորդական տարիներ պայքարելէ ետք, երէկ Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամալ Սալամ Զղարթայի, բարձրացաւ Գ. դասակարգ:

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

Երէկ Ճիւնիի քաղաքապետարանի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ երէկ հազարաւոր համակիրներ ականատես եղան այս տարեշրջանի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի վերջին գեղեցիկ մրցումին, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամալ Սալամ Զղարթայի, բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը բարեփոխուած կազմով, ուր Ալի Ֆահս, Էլի Փիլաւճեան եւ Քարլոս Թոմաս դաշտ ներկայացած էին փոխարինելով Ֆատըլ Ռիտան,...

Ըմբշամարտ.  Գասպար Տէրտէրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Աւարտականին Տէրտէրեան մրցեցաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ահմետ Քոտիրովի դէմ: Ճակատումը 1-1 արդիւնքով վերջ գտաւ, սակայն հայ մարզիկը ախոյեան հռչակուեցաւ առաջին կէտը շահելու շնորհիւ: Մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, Տէրտէրեան 6-2 արդիւնքով յաղթած էր ազրպէյճանցի Սէյմուր Կասիմովին,...

«Սերի Ա.» Քրեմոնեզէի Անակնկալ Արդիւնքը. Տը Պրույնէ Կոլ Նշանակեց Նափոլիի Հետ

«Սերի Ա.» Քրեմոնեզէի Անակնկալ Արդիւնքը. Տը Պրույնէ Կոլ Նշանակեց Նափոլիի Հետ

«Սերի Ա.»-ի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, «Սերի Պէ.»-էն նոր բարձրացած Քրեմոնեզէ անակնկալ արդիւնքով մը (2-1) պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Քրեմոնեզէ, որ 2004-ին «Սերի Սէ.»-էն բարձրացած էր «Սերի Պէ.», վերջին անգամ 2023-ին խաղցած էր «Սերի Ա.»-ի մէջ: Յետսապահ Ֆետերիքօ Պաշիրոթօ 28-րդ վայրկեանին նշանակեց Քրեմոնեզէի առաջին կոլը գլխու հարուածով: Կիսախաղէն քիչ մը առաջ, սերպ Սթրահինիա Փաւլովիչ գլխու հարուածով...

«Պունտըսլիկա».Պայերն 6 Կոլերով Բացաւ Տարեշրջանի Հաշիւը. 6 Կոլեր Տորթմունտի Մրցումին

«Պունտըսլիկա».Պայերն 6 Կոլերով Բացաւ Տարեշրջանի Հաշիւը. 6 Կոլեր Տորթմունտի Մրցումին

Անցեալ տարուան ախոյեան Պայերն Միւնիխ տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսաւ` Ռետ Պուլ Լայփցիկի դէմ 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակէ մը ետք: Մայքըլ Օլիսէ (2) եւ Լուիս Տիաս նշանակած էին Պայերնի առաջին 3 կոլերը առաջին կիսախաղին, մինչ Անգլիոյ խմբապետ Հերի Քէյն հեթ-թրիքով մը արդիւնքը բարձրացուց 6-ի: Բ. դիրքը գրաւելու գլխաւոր թեկնածուներէն Տորթմունտ, Համպուրկ քաղաքի Զանքթ Փաուլի խումբին դէմ համեմատաբար «դիւրին» մրցում մը ունէր...

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալի Փայլուն Յաղթանակը. Սիթիի Անակնկալ Պարտութիւնը

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալի Փայլուն Յաղթանակը. Սիթիի Անակնկալ Պարտութիւնը

Արսենալ իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց Լիծ Եունայթըտի դէմ, «Էմիրէյթց» դաշտին վրայ, 5-0 արդիւնքով: Արսենալ, որ ըստ Մոհամետ Սալահի այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբն է, ունեցաւ շատ հմայիչ մրցում մը, ուր յետսապահները նոյնիսկ յարձակեցան յարձակողական գեղեցիկ խաղաոճով: Մրցումին մթնոլորտը խանգարող միակ հարցը խմբապետ Մարթին Օտըկարրի եւ Պուքայօ Սաքայի վիրաւորուիլն էր, մանաւանդ որ յաջորդ մրցումը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` Լիվըրփուլի «Էնֆիլտ» դաշտին...

Սալահ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամէնէն Շատ Տիտղոսներ Շահած Ֆութպոլիստը Եղաւ

Սալահ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Ամէնէն Շատ Տիտղոսներ Շահած Ֆութպոլիստը Եղաւ

Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ ընտրուեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ: 33 տարեկան Սալահ փայլուն տարեշրջան մը ունեցաւ` 38 մրցումներու ընթացքին 29 կոլ եւ 18 էսիսթ կատարելով: Սալահ այս մրցանակը 3-րդ անգամ ըլլալով կը շահէր` հաստատելով մրցանիշ մը: Այս մրցանակը երկու անգամ շահած են Մարք Հիուզ, Ալեն Շիրըր, Թիերի Հանրի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Կարեթ Պէյլ եւ Քեւին Տը Պրույնէ: Սալահ աննախադէպ նուաճումով...

Նէյմար Վիրաւորած Է Իր Սրունքը

Նէյմար Վիրաւորած Է Իր Սրունքը

Սանթոս ակումբը Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին յայտնեց, որ Նէյմար փորձի պահուն ցաւ զգացած է եւ քննութեան արդիւնքներու հիման վրայ ան առնուազն մէկ շաբաթ հեռու պիտի մնայ կանաչ դաշտերէն: Այս ձեւով Նէյմարի վերադարձը ազգային խումբ կրնայ ուշանալ, մանաւանդ որ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի 2026-ի մոնտիալի զտումի յաջորդ երկու մրցումներուն (Չիլիի եւ Պոլիվիոյ դէմ) կազմը պիտի յայտարարէր այսօր: Նէյմար, որ սկսած էր բուժումներու, հաւանաբար...

Ռոնալտօ Կը Շարունակէ Մրցանիշներ Հաստատել

Ռոնալտօ Կը Շարունակէ Մրցանիշներ Հաստատել

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ ֆութպոլի պատմութեան առաջին մարզիկը, որ առնուազն 100 կոլ կը նշանակէ տարբեր 4 ակումբներու հետ: Ռոնալտոյի սէուտական Նասր խումբը գերբաժակի աւարտական մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ահլիի հետ, որ փենալթիներով շահեցաւ բաժակը: Այս մրցումին Ռոնալտօ իր 100-րդ կոլը նշանակեց, նախապէս Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ 145 կոլ, Ռէալ Մատրիտի հետ 450 կոլ եւ Եուվենթուսի հետ 101 կոլ նշանակելէ ետք:...

Ֆութպոլի Մրցո՞ւմ, Թէ՞ Ռազմական Գործողութիւն

Ֆութպոլի Մրցո՞ւմ, Թէ՞ Ռազմական Գործողութիւն

Սկզբունքով Հարաւային Ամերիկայի բաժակի 1/8-րդ աւարտականի գծով ֆութպոլի մրցում էր Ինտիփենտիենթէ (Արժանթին) - Ունիվերսիտատ տը Չիլի (Չիլի) խաղը, որ կիսատ մնաց... բախումներէ, հրդեհներէ եւ հարիւրաւոր ձերբակալութիւններէ ետք: Աւելի քան 300 ձերբակալուած, տասնեակ վիրաւորներ եւ կիսատ մրցում... ընդհանրապէս ֆութպոլի խաղերուն կը նշուին կոլեր, էսիսթներ, քոռնըրներ, փենալթիներ, բայց այս պարագային պատկերը այլ եղաւ, որովհետեւ տեղի ունեցածը սովորական չէր: Մրցումը կիսաւարտ մնաց Բ....

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Վաղը` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ: Ասիկա ճակատագրական մրցում է եւ տարեշրջանի վերջինը, ուր յաղթելով խումբը պիտի բարձրանայ Գ. դասակարգ: Համակիրներու մեծ թիւով ներկայութիւնը եւ խանդավառութիւնը մեծ դեր պիտի ունենայ, որպէսզի տղաքը իրենց լաւագոյնը տան, եւ 3 կէտեր շահելով խումբը կարենայ բարձրանալ Գ. դասակարգ: Ինչպէս միշտ,...

Քոնֆերենս Լիկ.  Նոա 4 Կոլեր Նշանակեց Սլովենիոյ Ախոյեանին Դէմ

Քոնֆերենս Լիկ. Նոա 4 Կոլեր Նշանակեց Սլովենիոյ Ախոյեանին Դէմ

Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կազմակերպած Քոնֆերենս լիկի զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեան Նոա, Սլովենիոյ մէջ երթի իր առաջին մրցումին կրցաւ ծանր պարտութեան մատնել ախոյեան Օլիմփիա Լիուպլիանան` 4-1 արդիւնքով: Կը կարծուէր, թէ Նոա պաշպանողական խաղ պիտի կիրարկէր Սլովենիոյ մայրաքաղաքին մէջ, բայց Հայաստանի ախոյեանը ոչ միայն գնդակին իշխեց, այլ մեծ թիւով առիթներ ալ ստեղծեց ամբողջ մրցումի ընթացքին: Խրուաթ յառաջապահ Մարին Եաքոլիշ 36-րդ վայրկեանին...

Ճատրակ.  Արոնեան Բ. Դիրքի Վրայ

Ճատրակ. Արոնեան Բ. Դիրքի Վրայ

Ճատրակի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան երէկ «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» ճատրակի մրցաշարքի 4-րդ փուլին, հաւասարութիւն մը արձանագրեց լեհ վարպետ Եան-Քրիշթոֆ Տուտայի եւ նահանջեց երկրորդ դիրքի: Այս փուլին 5 ճակատումներէն միայն մէկը յաղթանակով աւարտեցաւ, երբ Ֆապիանօ Քարուանա կրցաւ յաղթել Իւզպէքիստանի Նոտերպէք Ապտուսաթորովի: Սամուէլ Սեւեան իր կարգին հաւասարութիւն արձանագրեց հնդիկ Փրակնանատա Ռամեշպապուի հետ, մինչ աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տի. հաւասարեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ:...

Page 100 of 1275 1 … 99 100 101 … 1,275

Արխիւներ