Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանէ Կոլ Մը Նշանակեց, Բայց Վտարուեցաւ

Օգոստոս 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբը հասաւ երկրի գերբաժակի աւարտական մրցում, Իթթիհատի դէմ բուռն պայքարէ ետք:

Նասր, որուն մաս կը կազմեն փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Ժոաօ Ֆելիքս, Սատիօ Մանէ եւ նոր միացած Քինկզլի Քոման (Պայերն Միւնիխէն, եւ Ինիկօ Մարթինես (Պարսելոնայէն), կրցաւ 10-րդ վայրկեանին կոլ նշանակել Մանէի շնորհիւ, որ Մարսելօ Պրոզովիչէն լաւ փոխանցում մը ստացած էր:

Մանէ, որ հերոս դարձած էր կոլ նշանակելով, 25-րդ վայրկեանին վտարուեցաւ դաշտէն, երբ բաւական կարծր ձեւով վարուեցաւ գնդակին հասնելու` վիրաւորելով մրցակից բերդապահ Եուսեֆը:

Մանէ սկիզբը դեղին քարտ ստացած էր, բայց ստուգելէ ետք ՎԱՐ-ի կրկնութիւնը, ան կարմիր քարտ ստացաւ` դառնալով Նասրի 3-րդ կարմիր քարտ ստացող մարզիկը վերջին 3 տարիներուն գերբաժակի մրցաշարքին: 2023-ին Ռոնալտօ, 2024-ին Պրոզովիչ ստացած էին կարմիր քարտեր:

Նետերլանցի Սթիւըն Պերկվայն նշանակած էր Իթթիհատի հաւասարութեան կոլը Մանէի վտարումէն մօտ 10 վայրկեան առաջ, եւ կը կարծուէր, թէ Իթթիհատ, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Քարիմ Պենզեման, Ֆապինիոն եւ Քանթէն պիտի օգտուէր մարզիկներու թիւի առաւելութենէն:

Ճիշդ է, որ Իթթիհատ տիրապետեց մրցումին, բայց Նասր շատ աւելի կոլի առիթներ ստեղծեց եւ պայքարեցաւ մինչեւ մրցումի աւարտը:

61-րդ վայրկեանին «զուտ փորթուգալեան» կոլ նշանակեց Նասր, երբ Ռոնալտոյի գեղեցիկ փոխանցումէն օգտուելով Ժոաօ Ֆելիքս նշանակեց Նասրի 2-րդ կոլը:

5 վայրկեան ետք Ֆելիքս 3-րդ կոլ մըն ալ նշանակեց, բայց ՎԱՐ չվաւերացուց զայն, որովհետեւ պատրաստութեան պահուն Ռոնալտօ ֆաուլ կատարած էր Ֆապինիոյի վրայ:

Այս ձեւով Նասր հասաւ աւարտական, ուր պիտի մրցի Ահլի – Քատիսիյա մրցումի յաղթականին դէմ:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ գերբաժակի մրցումները տեղի կ՛ունենան Հոնկ Քոնկի մէջ:

Հիլալ, որ անցեալ տարուան տիտղոսակիրն էր, յայտնած էր, որ այս գերբաժակի մրցումներուն պիտի չմասնակցի, մանաւանդ որ ակումբներու մոնտիալին մասնակցելէ ետք մարզիկները բաւարար դադար չէին առած: Սէուտական Արաբիոյ ֆետերասիոնը, սակայն, որոշեց կախակայել Հիլալը` զայն զրկելով 2026-2027 տարեշրջանի գերբաժակի մրցումներէն, եթէ անշուշտ հասնի:

Նախորդը

Ռապիօ Եւ Ռոու «Ծախու» Դրուեցան

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Վճռական Օրը
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Վճռական Օրը

Օգոստոս 22, 2025
Մելիքեան. «Նպատակս Պայքարող  Խումբ Ունենալն Է…»
Մարզական

Մելիքեան. «Նպատակս Պայքարող Խումբ Ունենալն Է…»

Օգոստոս 22, 2025
Ճատրակ.  Արոնեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ընթացքը
Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ընթացքը

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?