Պուլկարիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ երիտասարդներու ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արման Մուսիկեան (65 քկ) պրոնզ մետալ շահեցաւ` դառնալով առաջին հայ մետալակիրը:
Մուսիկեան 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանացի Վիքթոր Պորոխանի:
Նախապէս հայ ըմբիշը յաղթած էր նորզելանտացի եւ ուզպեք ըմբիշներու, բայց կիսաւարտականին պարտութիւն կրած ճափոնցի Ռէյճի Ուճիտայէն, որ աւարտականին պարտութիւն կրեց ամերիկացի Լիւք Սթանիշէն:
Այսօր ելոյթներ կ՛ունենան Հայաստանի ներկայացուցիչներ Սարգիս Բեկոյեան (61 քկ) եւ Ռազմիկ Եփրեմեան (86 քկ):