Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

August 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս կիրակի ժամը 6:00-ի ատեն վերջ կը գտնէ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը, եւ 2 խումբեր կը բարձրանան Գ. դասակարգ (Բ. խմբակէն):

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մեծ յոյսեր ունի ըլլալու այդ խումբերէն մէկը` նկատի ունենալով, որ խումբը 15 մրցումներու ընթացքին 65 կոլ նշանակած է եւ ստացած 6, մինչ մրցակիցը` Ամալ Սալամ Զղարթա, որ իր կարգին չնչին յոյսեր ունի, միայն աւարտական հանգրուանին նշանակած է 7 կոլ եւ ստացած 7:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կարելի եղածին չափ արագ կոլեր պէտք է նշանակէ` աւելի հանգիստ շարունակելու համար մրցումը, խումբի մը դէմ, որ շատ լաւ պաշտպանողական չունի:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յարձակողական գիծի աստղեր Սերժ Օսքեան (21 կոլ), Եուսեֆ Համատէ (14 կոլ), Ֆատըլ Ռիտա (8 կոլ) եւ Իպրահիմ Մուսաուի (8 կոլ) մեծ թիւով կոլեր նշանակած են եւ պիտի փորձեն իրենց կարելին ընել կոլ նշանակելու, մինչ բերդապահ Պաթրաշ, պաշտպաններ Սլէյման Աքիլ, Մոհամետ Քասեմ, Ալեք Ալճեան, Հիւսէյն Պեզզի եւ անոնց առջեւ Յակոբ Նաճարեան եւ խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Տիգրան «Տիգօ» Վարդան եւ Քարլոս Թոմաս պիտի փորձեն մրցակիցը զսպել եւ առիթ չտալ կոլ նշանակելու:

Այո՛, միայն կոլ նշանակելը բաւարար չէ, եւ կարելի եղածին չափ պէտք է պայքարիլ եւ ճնշել մրցակիցին վրայ եւ լաւ կեդրոնացումով գնդակը խլել անկէ եւ ղրկել դէպի յառաջ:

90 վայրկեաններ կը բաժնեն ՀՄԸՄ-ը բարձրանալու Գ. դասակարգ: Պէտք է բոլոր ուժերը դնել այս մրցումին վրայ եւ պէտք է մինչեւ վերջին քրտինքի կաթիլը չխնայել ՀՄԸՄ-ի համար:

3 տարի բուռն պայքարէ ետք այլեւս ժամանակն է արդիւնքը քաղելու: Նախապէս փորձեցինք եւ ձախողեցանք, բայց այս տարի ժամանակը հասած է հասնելու նպատակին` բարձրանալու համար:

Թերեւս առաջին անգամն է 1997-էն ետք, որ խումբը կը հասնի այս դիրքին, ուր որեւէ այլ խումբի արդիւնքին պէտք չէ վստահիլ, այլ միայն մեր ճիգին, մեր աշխատանքին, մեր պայքարին եւ մեր անձնական ուժերուն վստահելով բարձրանալու:

Կիրակի ամէն ինչ պէտք է մոռնալ, դաշտ երթալ, քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը 90 վայրկեան` Ճիւնիի դաշտը դարձնելով փառատօնի, որուն աւարտին պէտք է տօնել յաղթանակը եւ Գ. դասակարգի տոմսը շահելու իրաւունքը:

Կիրակի օր արդէն իսկ զօրաւոր մեր խումբին կողքին կանգնելով պէտք է ըլլանք 12-րդ մարզիկը, նոյնիսկ եթէ իրաւարարները մրցակիցին ի նպաստ սուլեն, ոչ մէկը պիտի դիմանայ մեր դիմաց… ՀՄԸՄ-ի դիմաց:

Նախորդը

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Յաջորդը

«Կ՛ողջունենք Ուաշինկթընի Մէջ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Միացեալ Հռչակագիրի Ստորագրումը» Կ՛ըսէ ԱՊՀ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.