Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2025-2026 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, Ռէալ Մատրիտ իր, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օսասունան:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քիլիան Էմպափէ, որ իր վրայ եղած փենալթին կոլի վերածեց:
Մրցումի վերջին վայրկեաններուն Ապտել Պրեթոնես կարմիր քարտ ստացաւ, եւ Օսասունա 10 մարզիկներով աւարտեց մրցումը:
Ռէալի մարզիչ Խապի Ալոնսօ ունեցաւ իր առաջին «Լա լիկա»-ի մրցումը, որ գրեթէ միակողմանի էր, բայց շատ դժուար եղաւ կոլ նշանակելը, մանաւանդ որ մրցակից խումբը ամբողջութեամբ կը պաշտպանուէր:
Ռէալ Մատրիտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ ՌԷալ Օվիետօ, մինչ Օսասունա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Վալենսիան: