Երէկ, տեղի ունեցաւ Եու. Էս. Օփընի թենիսի բաց մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը, ուր յստակացաւ, թէ Քարլոս Ալքարաս կրնայ հանդիպիլ Նովաք Ճոքովիչի (եթէ անշուշտ մնան անյաղթ) կիսաւարտականին:
Թիւ 2 թենիսմէն Ալքարաս, 38 տարեկան սերպ թենիսմէնէն պարտութիւն մը կրած էր այս տարի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին եւ 5-3 ճակատումներու արդիւնքով ետ կը մնայ վեթերան թենիսմէնէն, որ պիտի փորձէ իր 25-րդ կրան շլեմի մրցաշարքը շահիլ` բարելաւելով իր մրցանիշը:
Սպանացի Ալքարաս, որ կրնայ այս մրցաշարքը շահելով դառնալ աշխարհի թիւ 1 թենիսմէնը, իր առաջին մրցումին պիտի մրցի ամերիկացի Ռայլի Օփելքային դէմ:
Ճոքովիչ առաջին փուլին պիտի մրցի Լերնըր Թիենի դէմ: Աշխարհի թիւ 1 թենիսմէն Եանիք Սինըր պիտի մրցի չեխ Վիթ Քոփրիվայի դէմ: 24 տարեկան իտալացին, որ անցեալ շաբաթ Սինսինաթիի աւարտականին հիւանդութեան պատճառով տիտղոսը զիջեցաւ Ալքարասի, կրնայ հանդիպիլ Բրիտանիոյ Ճեք Տրէյփըրի (թիւ 5) քառորդ աւարտականին:
Պէտք է նշել, որ Ճոքովիչ անցեալ ամիս` Ուիմպըլտընի կիսաւարտականէն ետք մրցում չէ կատարած, եւ տեղեկութիւն չկայ ան մասին, որ արդեօք ան իր ուժերը հաւաքա՞ծ է վերջին փորձ մը կատարելու կրան շլեմի տիտղոս մը շահելու: Յառաջիկայ շաբաթ կը յստականայ:
Աղջկանց մրցումներուն, թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա, որ անցեալ տարուան տիտղոսակիրն էր, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ զուիցերիացի Ռեպեքա Մասարովայի դէմ (թիւ 109), մինչ 2-րդ թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք, որ Ուիմպըլտընի տիտղոսը շահած էր անցեալ ամիս, պիտի փորձէ իր 7-րդ կրան շլեմի տիտղոսը շահիլ, առաջին մրցումին մրցելով քոլոմպիացի Էմիլիանա Արանկոյի դէմ:
Շվիանթեքի ճամբան մինչեւ աւարտական այնքան ալ հեշտ չէ, եւ կիսաւարտականին կրնայ մրցիլ 2023-ի տիտղոսակիր Քոքօ Կաֆի դէմ:
Վինըս Ուիլիամս որ հրաւէր ստացած էր վերջին անգամն ըլլալով մասնակցելու Եու. Էս. Օփընին, 45 տարեկանին, դժուար մրցումով մը պիտի սկսի մրցելով թիւ 11 դասուած չեխ Քարոլինա Մուչովայի դէմ: