Ճատրակի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները «Սինքուեքիլտ բաժակ. 2025»-ի դասական ճատրակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանէն ետք Արոնեան կը գրաւէ առաջին դիրքը` երկու կէտ ունենալով Ֆապիանօ Քարուանայի եւ Փրակնանատա Ռամեշպապուի հետ:
Երկրորդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը Սամուէլ Սեւեանն էր, որ իր կարգին կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները: 53-րդ քայլին երկու հայ մրցակիցները համաձայնեցան բաժնուիլ կէտը:
Երրորդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն էր ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ: Մրցումը նոյնպէս հաւասարութեամբ վերջ գտաւ:
Նշենք, որ ըստ ՖԻՏԷ-ի կէտերու դասաւորման, Ֆապիանօ Քարուանա ամէնէն բարձր դասուած մարզիկն է (2784 կէտ), մինչ Լեւոն Արոնեան (2737 կէտ) այս մրցաշարքին մասնակից 10 մարզիկներուն 7-րդ դասուած մարզիկն է, մինչ Սամուէլ «Սամօ» Սեւեան` 10-րդ (2683 կէտ):