Իտալացի անուանի նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելօ մեկնաբանած է «Սերի Ա.»-ի նոր տարեշրջանի հեռանկարները:
Նոր տարեշրջանէն առաջ Ինթեր փոխարինած էր իր մարզիչը` Սիմոնէ Ինձակին, որուն փոխարինած էր ռումանացի Քրիսթիան Քիվուն:
«Պէտք էր բան մը փոխուէր: Ես լաւ գիտեմ Քիվուն, մենք միասին աշխատած ենք: Ան խելացի տղայ է, բայց Ինթեր չհամոզեց փոխանցումներու շուկային մէջ: Ակնյայտ է, որ անոնք խնդիրներ ունին: Լոքման, Լէոնի, հիմա` քոնէ. գաղափարները լաւ են, բայց արդիւնք չկայ: Կը տեսնենք, որ Մարոթթան տակաւին ժամանակ ունի», ըսաւ Քափելլօ:
Ինթեր ախոյեանութեան բացման մրցումին 25 օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ Թորինոն:
Մինչ այդ, «Օփթա»-ի մասնագէտները 2025-2026 տարեշրջանի Իտալիոյ ախոյեանութեան մեկնարկէն առաջ դիմած են գերհամակարգիչի, որ կանխատեսած է մրցաշարքին խումբերու յաղթելու կարելիութիւնները:
Թիւ 1 թեկնածուն կը մնայ Ինթեր Միլան, որ չնչին առաւելութիւն ունի ախոյեան Նափոլիի վրայ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 լաւագոյն թեկնածուները.
1.- Ինթեր Միլան 35,9%
2.- Նափոլի 32,1%
3.- Ա. Էս. Ռոմա 9,9%
4.- Եուվենթուս 8,2%
5.- Ա. Սէ. Միլան 6,7 %