Անցեալ շաբաթ օր Ֆլումինենսէի բերդապահ Ֆապիօ հաւասարած էր Անգլիոյ նախկին բերդապահ Փիթըր Շիլթընի մրցանիշին` խաղալով իր 1.390-րդ պաշտօնական մրցումը:
Չորեքշաբթի օր 44 տարեկան պրազիլցի Ֆապիօ իր 1391-րդ ելոյթը ունեցաւ, երբ իր խումբը մրցեցաւ Քոլոմպիայի Ամերիքա Քալի խումբին դէմ, «Մարաքանա» դաշտին վրայ, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ:
Ֆլումինենսէ եւ պրազիլեան մամուլը յայտարարեցին, թէ Ֆապիոյի իրագործումը յատուկ է, հակառակ անոր որ ո՛չ Քոմնեպոլը (Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը), ո՛չ ալ ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ մրցանիշ էր ատիկա:
«Երբեմն չենք անդրադառնար այսպիսի կարեւոր իրագործումներու, ինչպէս այս նոր մրցանիշի պարագային, որ տարիներով կը մնար», ըսաւ Ֆապիօ, որ իր ամբողջ ասպարէզը անցուցած Է Պրազիլի մէջ:
Ֆապիօ 2023-ին «Լիպերթատոր» բաժակը շահած էր Ֆլումինենսէի հետ, ինչպէս նաեւ ակումբներու մոնտիալին կիսաւարտական հասած:
Ան 976 ելոյթ ունեցած է Քրուզէյրոյի հետ 2005-ի եւ 2022-ի միջեւ, ապա Ունիաօ Պանտիերանթէի (30 ելոյթ) եւ Վասքօ ՏԸ Կամայի հետ (150 ելոյթ):
Ան իր ասպարէզին սկսած էր 1997-ին, նոյն տարին, երբ Փիթըր Շիլթըն լքած էր ֆութպոլը 48 տարեկանին: Շիլթըն 1966-էն 1997 ելոյթ ունեցած էր զանազան խումբերէ, որոնցմէ ամէնէն յաջող տարեշրջանները Նոթինկհամ Ֆորեսթի, Սաութհեմփթընի եւ Տերպի Քաունթիի հետ էին: