Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէս Ատրիանօ «Ոչնչացաւ»

Օգոստոս 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլցի ֆութպոլիստ Ատրիանօ 2000-էն 2006 մեծ հաւանականութիւն ունէր դառնալու Ռոնալտոյի փոխանորդը, բայց ան ճնշումի տակ ձախողեցաւ եւ… ոչնչացաւ:

«Ֆութպոլի ամէնէն մեծ աւերը` ես: Ոչ ինչպէս կը հնչէ «աւեր» բառը, այլ ինչպէս կեանքս աւերակ դարձնելու ձիրք ունիմ»:

Ատրիանօ Լէյթէ Ռիպէյրօ, որ աւելի ճանչցուած է Ատրիանօ անունով, որոշ սերունդի ֆութպոլասէր համակիրներու հերոս դարձած էր: Պրազիլ իր պատմութեան ընթացքին աստղերով հարուստ երկար շարք մը անուններ ունեցած էր` սկսելով Փելէէն մինչեւ այժմու Նէյմարը, բայց Ատրիանօ տարբեր էր:

Յառաջապահ մը բնաւ վախ չէր պատճառած ֆութպոլիստներուն, ինչպէս Ռիօ Տը Ժանէյրոյի 1,88 մեթր հսկան: Զօրաւոր, կայծակի արագութիւն, թեքնիքով հարուստ, ռմբային ձախ ոտքով հարուածով, որ մրցանիշներ կտրած էր արհեստավարժ ֆութպոլի աշխարհին մէջ:

Նոյնիսկ շուէտացի Զլաթան Իպրահիմովիչ կը զարմանար Ատրիանոյի որակով` իր ասպարէզի լաւագոյն օրերուն: «Ան կրնար հարուածել որեւէ հեռաւորութենէ, ոչ մէկը կրնար թաքըլ ընել, գնդակը իրմէ խլել, բառին բուն իմաստով «անասուն» էր», ըսած է Զլաթան:

«Ես հաճոյք կը զգայի իրենց հետ կամ դէմ խաղալով, բայց դժբախտաբար շատ կարճ ժամանակ տեւեց այս բոլորը: Քու ըրածներունդ 50 տոկոսը մտային կարողութիւն է: Գլխուդ մէջ եթէ չունենաս այդ մէկը… դժուար է», աւելցուց Իպրահիմովիչ:

Ատրիանօ 177 մրցումներու ընթացքին 74 կոլ նշանակեց Ինթերի հետ եւ 27 այլ կոլեր` Պրազիլի ազգային խումբին հետ. ասոնք յարգելի թիւեր են յառաջապահի մը համար: Բայց մրցանիշներ կրնայ հաստատել ան, եթէ անոր անկայուն բնաւորութիւնը չըլլար:

Բարձունքի վրայ մնացած ժամանակը կարճ էր, եւ իր անկումը ցաւալի էր դիտելը. այժմ 42 տարեկան յառաջապահը վերջերս խօսած էր իր ալքոլամոլութեան մասին` հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Իր սխրագործութիւններուն մասին տակաւին կը շարունակուի խօսուիլ շնորհիւ իր ազդեցութեան` Սան Սիրոյի (Ինթեր Միլանի դաշտ) շրջանակին մէջ:

Աղքատ շրջանէ եկած Ատրիանօ դժուար մանկութիւն ունեցած էր, բան մը, որ զօրացուցած էր պայքարի իր ոգին: Ան բոպիկ կը վազէր ճամբաները, ցեխոտ դաշտերը` նպատակ ունենալով դառնալ ֆութպոլիստ:

Ան փախուստ կու տար իր շուրջի աղտոտ միջավայրէն` ֆութպոլ խաղալով, յոյսով, որ խումբի մը հետ ֆութպոլ խաղայ:

«Իսկական պատանեկան օրեր էին եւ ոչ թէ այսօրուան նման պաստառներու վրայ խաղեր խաղցող պատանիներու նման», ըսաւ ան:

7 տարեկանին ան միացաւ Ֆլամենկոյի ակադեմիային, երբ իր ընտանիքի անդամները դրամ հաւաքելով զինք ղրկեցին ակադեմիա: Յաջորդող 8 տարիներուն ան աշխատեցաւ իր նպատակին հասնելու` արհեստավարժ ֆութպոլիստ ըլլալու: Ան կասկած չունէր, որ պիտի հասնի: «Գնդակը միշտ ոտքս էր… Աստուած հոն զետեղած էր»:

Ան միացաւ Ֆլամենկոյի հիմնական կազմին, երբ 16 տարեկան էր, հակառակ անոր որ քանի մը մարլիչներ դէմ էին ատոր: Ան իր երկրորդ մրցումին կոլ ալ նշանակեց Սան Փաուլոյի դէմ, եւ անոր ֆիզիքական ներկայութիւնը հետզհետէ անոր թիւ 1 ուժը եղաւ:

Ատրիանօ 9 կոլ եւս նշանակեց 2000-2001 տարեշրջանին, նոյն պահուն դառնալով Պրազիլի ազգային խումբի ամէնէն երիտասարդ մարզիկներէն 18 տարեկանին, եւ 3 կոլ եւս նշանակեց նոր տարեշրջանի առաջին 5 մրցումներուն: Այդ հանգրուանին Ինթեր Միլան արդէն իսկ զինք նկատի առած էր իբրեւ ապագայի աստղ:

Ատրիանօ ինքզինք ծանօթացուց իր առաջին մրցումին, երբ Ռէալ Մատրիտի դէմ ելոյթ ունեցաւ Ինթերի շապիկով:

Ան Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ եւ բնաւ ճնշում չզգաց Սանթիակօ Պեռնապէոյի մէջ: Ան բնաւ ժամանակ ալ չկորսնցուց եւ երկար վազքէ մը ետք ռմբային հարուածով մը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիյասի բերդին մէջ:

Այդ յատուկ հարուածը, որ 170 քմ արագութեամբ արձակուած էր, ինթերի յաղթանակի կոլն էր (2-1): Ինթերի խմբապետ Խաւիէ Զանեթթի լրագրողներուն յայտնեց, որ «ես ինծի կ՛ըսէի, որ ասիկա նոր Ռոլանտոն է»:

Այդ վայրկեանէն սկսեալ անոր եւ Ռոնալտոյի բաղդատութիւնները զինք կը «հալածէին», ուր որ ալ երթար: Բայց Ինթեր Միլան ժամանակ տուաւ Ատրիանոյին, որ աւելի հասունութիւն ունենայ` զինք աշխատավարձով փոխանցելով Ֆիորենթինային, ուր 15 մրցումներու ընթացքին Ատրիանօ 6 կոլ նշանակեց:

Ան 2 եղանակով միացաւ Փարմային ուր սկսաւ իր ասպարէզի լաւագոյն օրերը: Ան 37 մրցումներու ընթաքին 23 կոլ նշանակեց: Ինթեր իր սխալը շուտ նկատելով զայն 23 միլիոն եւրոյթով վերամիացուց իր կազմին 2004-ի յունուարին, 4 տարուան համար:

«Ուրախ եմ տուն վերադառնալու: Վստահ եմ, որ Ինթերի հետ խաղալով լաւ ֆութպոլիստ պիտի ըլլամ»:

Ատրիանօ յուսախաբ չըրաւ եւ 16 ելոյթներու ընթացքին ան 9 կոլ նշանակեց: Ինթեր 4-րդ դիրքը գրաւեց եւ մասնակցեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի:

Վերջին մրցումին ան Էմփոլիի դէմ 2 անմոռանալի կոլեր նշանակեց, այնուհետեւ ան կոչուեցաւ «Միլանի կայսր»:

Այդ օր Էմփոլի առաջին կոլը նշանակած էր, բայց Ատրիանօ առաջին կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը` բոլորէն աւելի բարձր ցատկելով եւ երկար ժամանակ մնալով օդին մէջ: Նոյնիսկ կոլը տօնած ձեւը հմայած էր Ինթերի համակիրները: Ան շապիկը հանելով մկանները ցուցադրած էր մրցակից համակիրներուն առջեւ:

Մրցումի աւարտէն 20 վայրկեան առաջ, ան գնդակը ստացած էր Էմփոլիի դաշտին կէսէն, խաղի բերելով 3 մրցակիցներ, ապա խաբելէ ետք բերդապահը գնդակը գլտորած բերդին մէջ: Ան աւելի զուսպ տօնած էր այս անգամ, բայց իր խմբակիցները ականատես եղած էին սքանչելի բանի մը: Նոյնիսկ մրցակից խումբի պաշտպան Էմիլսոն Քրիպարի հմայուած էր իր լաւ օրերուն. ան Ռոնալտոյի նման գրեթէ անզսպելի էր դաշտին վրայ: «Այդ հռչակաւոր նկարը կայ, որ կը տօնէ առանց իր շապիկին, ուր «կայսր» տիտղոսը ստացաւ… ես էի զինք հսկողը: Ան 2 կոլ նշանակեց մեր դէմ: Այդ օրը ես իր կարողութիւնը եւ ուժը տեսայ», ըսաւ Քրիպարի:

Ատրիանօ 28 կոլ նշանակեց յաջորդ եղանակին` շահելով Իտալիոյ բաժակը եւ ինքզինք փաստելով իբրեւ Եւրոպայի լաւագոյն յառաջապահներէն մէկը: Բայց ան չկրցաւ մնալ լերան գագաթը, ուր իր կարողութենէն աւելի բարձր պայմաններով… ոչնչացաւ:

Անոր հօրը մահն ալ վրան շատ վատ ազդած էր, եւ կեանքը այլեւս իմաստ չունէր իրեն համար…

Նախորդը

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Յաջորդը

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»

RelatedPosts

Ըմբշամարտ.  Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Օգոստոս 21, 2025
Ճատրակ.  Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»
Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»

Օգոստոս 21, 2025
«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?