Համաշխարհային նոր «հիւանդութիւն» մը կը տարածուի միջազգային ֆութպոլին մէջ, ուր ֆութպոլիստները կ՛անտեսեն իրենց պայմանագրութիւններն ու պարտաւորութիւնները եւ շանթաժի միջոցով կը փորձեն հասնիլ իրենց ցանկալի փոխանցումին:
Այս ամրան քանի մը առիթով տեսանք աղմուկ արձանագրող լուրջ հարցեր, որոնց հերոսներէն էին յառաջապահներ Վիքթոր Եոքերեշ եւ Ալեքսանտր Իզաք:
Եոքերեշ այս ամառ Սփորթինկ Լիզպոնը լքելով միացաւ Արսենալին, բայց անոր «բաժանումը» Լիզպոնի ակումբէն այնքան ալ հեզասահ չէր: Ակումբներու միջեւ բանակցութիւնները բարդացան եւ բազմիցս փակուղի մտան: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Եոքերեշ տարբեր մարտահրաւէրի սկսի… պոյքոթի դիմելով:
Յուլիսի սկիզբը լրատուամիջոցները կը յայտնէին, որ Եոքերեշ մօտ է Արսենալ տեղափոխուելու:
Սակայն բանակցութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցան, որովհետեւ ակումբները չկրցան համաձայնութեան գալ գինին շուրջ: Այդ ժամանակ Եոքերեշ հաւանաբար իր գործակալին խորհուրդով կամ իր անձնական նախաձեռնութեամբ որոշեց պոյքոթի դիմել:
Ան հրաժարեցաւ մասնակցիլ Սփորթինկի պարտաւորութիւններուն եւ խումբի նախագահին յայտնեց, որ այլեւս ան չպիտի խաղայ Սփորթինկի հետ:
Եոքերեշ կը պնդէր, թէ ինքզինք դաւաճանուած կը զգար, որովհետեւ Սփորթինկ խոստացած էր զինք ազատ ձգել փոխան 60 միլիոն եւրոյի եւ 10 միլիոն յաւելեալ պոնիւսով, բայց ակումբը խախտած էր այդ խոստումը:
Սփորթինկի նախագահ Ֆրետերիքօ Վարանտաշ յայտարարած էր, թէ պատրաստ է «ծախելու» Եոքերեշը, բայց միայն շուկայի արդար գինով` զգուշացնելով հաւանական պատժամիջոցներու մասին:
«Եթէ Եոքերեշի համար պատրաստ չեն արդար շուկայական գին վճարելու, ան տակաւին 3 տարիներ ունի անցընելիք մեր ակումբին հետ, մանաւանդ որ տակաւին պայմանագրութիւն ունի: Եթէ կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան վրաս ճնշել` դիւրացնելու անոր հեռացումը, անոնք կը սխալին», ըսած էր Վարանտաշ:
Երկու շաբաթ ետք փոխանցումը տեղի ունեցաւ: Արսենալ վճարեց մօտ 65,77 միլիոն եւրօ եւ 10,6 միլիոն պոնիւս:
Միւս կողմէ, այլ շուէտացի յառաջապահ մը` Ալեքսանտր Իսլաք, որ Նիւքեսըլի աստղն էր, վերածուեցաւ շանթաժիստի: Իբրեւ թէ Նիւքեսըլ իրեն խոստացած էր աշխատավարձը բարձրացնել, բայց չէր կատարած իր խոստումը:
Տեղեկութիւններ կային, որ Իսաք ինքն էր, որ մերժած էր բարելաւուած պայմանագրութեան առաջարկը, քանի ան արդէն իսկ որոշած էր փոխել ակումբը:
Իսաք դժգոհ էր Նիւքեսըլի գործողութիւններէն, եւ ամառը իրավճակը սրած էր: Ան Ասիա չմեկնեցաւ խումբին հետ` պաշտօնապէս յայտնելով, թէ վիրաւոր է, սակայն ոչ պաշտօնական աղբիւրներ կը պնդէին, որ պատճառը ակումբին հետ տարաձայնութիւններն էին:
Այնուհետեւ Իսաք ոչ շատ գեղեցիկ քայլ մը առաւ` լքելով Նիւքեսըլի մարզական ակումբը եւ մարզուեցաւ իր նախկին ակումբին` Ռէալ Սոսիետատի հետ:
Աւելի ուշ ան վերադարձաւ, բայց այս անգամ մարզիչ Էտի Հաու զայն հեռացուց խմբային փորձերէն եւ ակումբին առնչուած որեւէ աշխատանքէ: Ըստ տեղեկութիւններու, Հաու զրուցած է Իսաքի հետ` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ ինքզինք ակումբէն վեր դասել` անտեսելով պայմանագրութիւնը:
Ստոյգ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Լիվըրփուլ առաջարկած է 126 միլիոն եւրօ, սակայն Նիւքեսըլ մերժած է առաջարկը` պահանջելով աւելի բարձր գումար: Վերջին տուեալներով, Իսաք լքած է իր բնակարանը եւ պատրաստ չէ վերադառնալ Նիւքեսըլ, նոյնիսկ եթէ Լիվըրփուլ չտեղափոխուի:
2023-ի Փարիզ Սեն Ժերմեն կը քննադատուէր, երբ Քիլիան Էմպափէ հեռացուեցաւ խումբէն, այս վերջինիս յայտարարութենէն ետք, որ ան պիտի չերկարաձգէ իր պայմանագիրը եւ կը լքէ ակումբը ազատ գործակալի կարգավիճակով: Այդ ժամանակ ակումբը կը ճնշէր` սպառնալով, որ խումբին յառաջապահը մէկ տարեշրջան պահեստի աթոռներուն վրայ նստի:
Այժմ սակայն, մենք կը տեսնենք հակառակը, երբ ֆութպոլիստներ շանթաժի կ՛ենթարկեն ակումբները:
Մէկ կողմէ, մարզիկ մը ակամայ պահելը անիմաստ է. ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ դժգոհ ֆութպոլիստ մը: Եթէ Նիւքեսըլ մնայ իր խօսքին վրայ` «չծախելով» Իսաքը, երկար ժամանակի վրայ կրնայ այդ մէկը վնասել խումբին, քանի որ անոր փոխանցման արժէքը կրնայ նուազիլ:
Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի պայմանագիր` յստակ պայմաններով: Ինչո՞ւ Նիւքեսըլը պէտք է ազատ ձգել ֆութպոլիստը, եթէ առաջարկը չի բաւարարեր զայն: Խոստումներո՞ւ պատճառով: Ժամանակակից ֆութպոլը վաճառականութիւն է, եւ խօսքերուն հաւատալը այստեղ տեղին չէ: Եթէ ֆութպոլիստը կը ցանկայ իր ապագան վերահսկել, պայմանագրութեան մէջ պէտք է ներառուին յստակ կէտեր: Եթէ նման կէտ չկայ, ֆութպոլիստը պարտաւոր է կատարել ստորագրուած պայմանագիրը:
Պայմանագրային հարցերուն երկու կողմերն ալ` ակումբն ու ֆութպոլիստը, պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Ներկայիս կան տուգանքներ` պայմանագրութեան խախտումի համար, սակայն Եոքերեշի եւ Իսաքի օրինակները ցոյց կու տան, որ ՖԻՖԱ-ն այլեւս պէտք է միջամտէ:
ՖԻՖԱ-ն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ կարգապահական կանոնագիրը` նման խնդիրներ արագ լուծելու համար: Եթէ մարզիկը պոյքոթ կը յայտարարէ եւ կը հրաժարի մարզուելէ, ակումբը պէտք է կարենայ դիմել ՖԻՖԱ-ին, որ մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք է պահանջէ ֆութպոլիստի բացատրութիւնը: Եթէ պատճառաբանութիւնը անհիմն է, օրինակ` «մեզի խոստացած էին»-ի նման, մարզիկը պէտք է կախակայուի` քանի մը ամիսով չմասնակցելով նոյնիսկ միջազգային խաղերու (ազգային խումբին հետ):
Այսպիսի միջոցառումներ կը ստիպեն, որ ֆութպոլիստները լաւ մտածեն` նախքան իրենց ստորագրած պայմանագիրը անտեսելը:
Ուրեմն կախակայումը կրնայ ճիշդ «դեղը» ըլլալ այս նոր «հիւանդութեան»: