Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Լեւոն Արոնեան (Միացեալ Նահանգներ) յաղթանակով սկսաւ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Սինքուիֆիլտ բաժակ» ճատրակի մրցաշարքը:
Առաջին հանգրուանին հայ վարպետը սեւ քարերով պարտութեան մատնեց ուզպեք Նոտիրբեկ Ապտուսաթորովը:
Սամուէլ «Սամ» Սեւեան (Միացեալ Նահանգներ) իր համաքաղաքացի Ուեզլի Սոյի ժէմ հաւասարութեամբ աւարտեց մրցումը: Հաւասարութեամբ աւարտեցաւ նաեւ ֆրանսացիներ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի եւ Ալիրեզա Ֆիրուճայի մրցումը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի եւ լեհ Եան-Քրիշթոֆ Տուտայի ճակատումը:
Աշխարհի ախոյեան հնդիկ Կուքեշ Տումարաճու (Տի.) պարտութիւն կրեց իր ազգակից Փրակնանատա Ռամեշպապուէն:
9 հանգրուաններէ բաղկացող այս մրցաշարքին հիմնադրամը 350 հազար ամ. տոլար է, եւ յաղթող վարպետը կը ստանայ 100 հազար ամ. տոլար: