. ՏՂՈՑ թենիսի առաջին երկու դասուած մարզիկները` Եանիք Սինըր եւ Քարլոս Ալքարաս իրար դէմ մրցեցան Սինսինաթիի թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, մրցում մը, որ սակայն 25 վայրկեանէն աւելի չտեւեց:
Թիւ 1 Սինըր անհանգիստ էր եւ ուժաթափ, բայց «հանդիսատեսներուն համար դաշտ ներկայացաւ թենիս խաղալու, սակայն անկարելի էր շարունակելը»:
Սպանացի Ալքարաս 5-0 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ Սինըր իրաւարարին յայտնեց, թէ կարելի չէր շարունակել:
Աղջկանց աւարտականին թիւ 2 դասուած Իկա Շվիանթեք 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց թիւ 8 դասուած Ճասմին Փաուլինին:
. ՍՊԱՆԻՈՅ Պարսելոնա ակումբի միջնապահ Տանի Օլմօ շատ գոհ չէ ակումբին մէջ իր ունեցած դերէն:
Ան դժգոհ է գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի որոշումէն` սկսեալ Բ. կիսախաղին, երբ ինքզինք պատրաստ կը զգայ հիմնական մարզիկ դառնալու:
. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ յառաջապահ Վինիսիու Ժունիոր հրաւէր չստացաւ Պրազիլի ազգային խումբէն` մասնակցելու 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի կ՛ուզէ հանգիստ ձգել Վինիսիուսը, որ արդէն իսկ կախակայուած ըլլալով պիտի չմասնակցի Չիլիի դէմ (5 սեպտեմբեր) մրցումին: Յաջորդ մրցակիցը Պոլիվիան է (10 սեպտեմբերին), եւ Անչելոթթի յարմար չի տեսներ զինք հրաւիրելու այդ մրցումին:
. ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆԻ ֆրանսացի յետսապահ Պենժամեն Փաւար կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ: Պարսելոնա ըստ երեւոյթին պէտք ունի իր պաշտպանողական գիծը զօրացնելու, եւ Ֆլիք, որ Փաւարի հետ եղած է Պայերն Միւնիխի օրերուն, 29 տարեկան պաշտպանը կը փափաքի իր կազմին մէջ ունենալ: Արդեօք յարմար տեղ կ՛ունենա՞յ Պարսելոնան, որ թէ՛ նիւթական, թէ՛ մարզիկներու թիւի հարցեր ունի, օրերը կը փաստեն:
. ՄԻԼԱՆԻ միւս ակումբը` Ա. Սէ. Միլան շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տարած էր Բ. դասակարգի Պարի խումբին դէմ, Իտալիոյ բաժակի 1/32-րդ հանգրուանի իր մրցումին:
14-րդ վայրկեանին, Ռաֆայէլ Լէաօ գլխու հարուածով նշանակեց Միլանի առաջին կոլը, բայց 4 վայրկեան ետք վիրաւորուելով լքեց դաշտը:
66-րդ վայրկեանին պատմական պահ մը տեղի ունեցաւ, երբ 39 տարեկան խրուաթ Լուքա Մոտրիչ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Միլանի շապիկով: Ան փոխարինեց Քրիսթիան Փուլիշիչը, որ նշանակած էր Միլանի 2-րդ կոլը:
Միլանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Լեչէն:
. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի միջնապահ եւ Կրասնոտարի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան, որ շաբաթավերջին մրցանիշ իրագործած էր նշանակելով իր 7-րդ կոլը` ազատ հարուածով, հաւասարելով Զենիթի նախկին յառաջապահ Հալքի եւ Լոքոմոթիւի նախկին միջնապահ Ալեքսանտր Ալիեւի մրցանիշերուն, եւրոպական մեծ թիւով ակումբներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Մերժելէ ետք Սէուտական Արաբիա մեկնիլը, Սփերձեանի ծառայութիւններով հետաքրքրուած են Փորթուգալի Փորթոն, Ֆրանսայի Լանսը, ինչպէս նաեւ նախապէս նշուած Անգլիոյ Սաութհեմփթընը:
Սփերձեանի նախկին մարզիչ Ֆարքէ նախապէս կ՛ուզէր զայն միացնել Լիծ Եունայթըտին:
. «ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ» վերադարձած Լիծ Եունայթըտ յաղթանակով սկսաւ իր տարեշրջանը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Էվըրթընը:
«Էլընտ Ռոտ»-ի վրայ Լիծ իր համակիրներուն ներկայացուց գեղեցիկ մրցում մը, բայց Էվըրթընի բերդը չկրցաւ վտանգել մինչեւ 84-րդ վայրկեան, երբ Լուքաս Նմեչա փենալթիով նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Լիծի գերմանացի մարզիչ Տանիէլ Ֆարքէ պիտի փորձէ Լիծի հետ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել, մանաւանդ որ իր ակումբը վատ անուն ունեցած է քանի մը տարին անգամ մը Բ. դասակարգ փոխադրուելու եւ վերստին բարձրանալու: