Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պալեպա Արժանի՞ Է Եունայթըտին Միանալու

August 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ «Փրեմիեր լիկ»-ի յաջողութեան պատմութիւն ըլլար, վստահաբար պիտի ուզէինք Պրայթըն ակումբին փոխանցումներու մարտարուեստը դիտել:

Պրայթընի կարողութիւնը շատ յարմար մարզիկներ ձեռք ձգելու եւ աւելի ուշ հսկայական գումարներով ծախելու անբաղդատելի է որեւէ խումբի հետ:

Աւելի՛ն, ակումբը կը մնայ իր մակարդակին վրայ, հակառակ անոր որ ան կորսնցուցած է Մոյսես Քայսետոյի, Ժոաօ Փետրոյի, Իվ Պիսումայի, Մարք Քուքուրելիայի, Լէանտրօ Թրոսարի, Ալեքսիս Մաքալիսթըրի, Պեն Ուայթի եւ Ռոպերթ Սանչեսի նման խաղցողներ:

Վերջին մարզիկը, որ կրնայ լքել խումբը, կրնայ ըլլալ 21 տարեկան պաշտպանող միջնապահ Քարլոս Պալեպան: 2023-ին Պրայթըն ձեռք ձգած էր քամերունցի Պալեպան 27 միլիոն եւրոյի, բայց փոխանցումներու այս պատուհանին բացման ժամանակ ան դժուար թէ միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին, մանաւանդ որ անոր «գինը» կրնայ հասնիլ 120 միլիոն սթերլինկ փաունտի:

Արդեօք այնքան կ՛արժէ՞ անոր փոխանցումը, կամ աւելի ճիշդը` Եունայթըտ պէտք ունի՞ Պալեպային…

Եթէ նայինք Եունայթըտի պաշտպանող միջնապահներուն, պրազիլցի Քասեմիրօ 33 տարեկան է եւ քիչ թէ շատ գործ կը տեսնէ, մինչ Մանուէլ Ուկարթէ իր կարգին լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ:

Բաղդատութիւն մը ընելով երեք մարզիկներուն միջեւ կրնանք յստակօրէն տեսնել, թէ Պալեպա գրեթէ ամէն գետնի վրայ կը գերազանցէ Եունայթըտի իր մրցակիցները, թէ՛ պաշտպանողական, թէ՛ փոխանցումներու առումով, եւ անոր ճկունութիւնն ու քիչ քարտեր ստանալով «մաքուր» ֆութպոլը, առաւել յաւելեալ փորձառութիւն ունենալով ժամանակի ընթացքին ան կրնայ միջազգային գետնի վրայ այդ դիրքի լաւագոյններէն մէկը ըլլալ:

 

Նախորդը

Նշմար. Խորտակե՛լ Լուացքի Մեքենան…

Յաջորդը

Ֆապիօ Կը Բարելաւէ Շիլթընի Մրցանիշը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.