
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքի հինգերորդ օրը, երէկ լիբանանեան երեք խումբերը` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես, մրցումներ կատարեցին:
Առաջին մրցումին Ռիատի, որ ճակատեցաւ Պոլ Ըպաւ Օլի դէմ, 95-72 արդիւնքով արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ասիկա Ռիատիի հինգերորդ յաջորդական յաղթանակն էր:
Երկրորդ մրցումին, Սաժես արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը (պարտութեան մը կողքին), երբ 81-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի ազգային խումբը:
Իսկ երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ 100-93 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մայթի Սփորթցի դէմ:
Այսպիսով, ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն, ՀՄԸՄ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
Նշենք, որ երէկ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Ապտալլա Քարքուփի միջեւ:
Քննարկուեցան պասքեթպոլի մարզը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ երկրին, որ ՀՄԸՄ-ը հրաւիրեց մասնակցելու այս մրցաշարքին:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով.
ԺԱՄ | |
Սաժես – Սալա | 15:00 |
ՀՄԸՄ – Եգիպտոսի ազգային խումբ 17:00 | 17:00 |
Ռիատի – Մայթի Սփորթց | 19:00 |