«Սաթոն Եունայթըտի» 45-ամեայ պահեստային բերդապահ Ուէյն Շոն հեռացած է խումբէն: Ակումբը 125 քկ. ծանրութիւն ունեցող ֆութպոլիստէն խնդրած է խզել համաձայնագիրը, որովհետեւ Անգլիոյ ֆութպոլի համադաշնակցութիւնը դատ բացած է անոր դէմ: Արդարեւ, Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Արսենալի դէմ տեղի ունեցած մրցումի ժամանակ (0-2) Շոն համպըրկըր կերած էր, որուն համար գրաւի ընկերութիւնները գրաւ ընդունած են:
Անձամբ Շոն գրաւի չէ մասնակցած, բայց իր ընկերներուն ըսած է, որ մրցումի ատեն համպըրկըր պիտի ուտէ:
Ֆութպոլի Համադաշնակցութեան կանոնները յստակօրէն կ՛արգիլեն ֆութպոլիստներուն ո՛չ միայն անձամբ գրաւներ կատարել, այլ նաեւ` ներքին տեղեկատուութիւն տարածել:
Բերդապահին կերածը կոկորդը մնաց…