
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Սենթ Էթիեն – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը:
Երթին Մանչեսթըր իր դաշտին վրայ տպաւորիչ խաղարկութեամբ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր, շնորհիւ` Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն:
Երէկուան մրցումը թէեւ որոշ չափով ձեւական բնոյթի էր, բայց եւ այնպէս երկու կազմերն ալ ցուցաբերեցին վճռական խաղարկութիւն, սակայն Մանչեսթըր Եունայթըտի աստղը եւ մեր պարծանքը` Հենրիխ Մխիթարեան, աւելի վճռական էր եւ 16-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Թէեւ այս յաղթանակը նուաճուեցաւ սուղ գինով, յառաջիկայ կիրակի տեղի ունենալիք Անգլիոյ բաժակի աւարտականին ընդառաջ: Հենրիխ Մխիթարեան (25-րդ վայրկեանին) եւ Մայքըլ Քարիք (60-րդ վայրկեանին) պարտադրաբար փոխարինուեցան, վիրաւորուելու պատճառով:
Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Էրիք Պէյլի 63-րդ վայրկեանին վտարուեցաւ դաշտէն` երկրորդ ազդարարութիւնը (դեղին քարտ) ստանալէ ետք:


