
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՖԻՏԷ»-ի «Կրան փրի»-ի մրցաշարքին հինգերորդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճակատեցաւ առաջին դիրքը գրաւող ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին դէմ եւ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական հաւասարութիւնը:


