Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին 4-րդ օրը` երէկ, թատերաբեմը դարձաւ իրաւարարներուն բացարձակ եւ յստակ կողմնակալութեան, որուն պատճառով ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը պարտութիւն կրեց իր մրցակիցէն` մարոքեան Սալա խումբէն, 91-90 արդիւնքով:
Մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ կ՛ուղղուէր դէպի յաղթանակ` նկատի ունենալով, որ 90-89 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը:
Սակայն պատահեցաւ տարօրինակ երեւոյթ մը, եւ իրաւարարներուն կողմնակալ սուլիչին պատճառով մրցակից կազմը նշանակեց 2 կէտ ու արձանագրեց անարդար յաղթանակ մը:
Այլ գետնի վրայ Ռիատի արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը տիտղոսակիր Սաժեսի հաշուոյն` 89-68 արդիւնքով:
Այս մրցումէն բացակայեցաւ Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին, ակումբին պատասխանատուներուն որոշումով, որուն նպատակն էր հանգիստ վիճակի մէջ պահել իրենց ամերիկացի մարզիկը:
Այսպիսով, Սաժես կրեց իր առաջին պարտութիւնը, իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն կողքին:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ԺԱՄ | |
Ռիատի – Պոլ Ըպաւ Օլ ` | 15:00 |
Եգիպտոսի ազգային խումբ – Սաժես | 17:00 |
ՀՄԸՄ – Մայթի Սփորթց | 19:00 |