Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցաւ Անթուան Շարթիէի անուան միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 67 մարզիկներու:
Անոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ երկիրները. Կիպրոս, Իրաք, Գերմանիա, Սուրիա եւ Լիբանան:
Անոր ներկայ գտնուեցան հանգուցեալ Անթուան Շարթիէի դուստրը` Մայա Մուպարաք, Մոն լա Սալ ակումբի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին անդամները, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:
Մարզիկներուն միջեւ այս մրցաշարքը ընթացաւ բաւական սուր պայքարի մթնոլորտին մէջ, ուր սակայն ներկայ էր մարզական ոգին:
Մրցաշարքին տիրապետեցին սուրիացի եւ կիպրացի մարզիկները, որոնք տիրացան երեքական առաջնութեան` տարբեր դասակարգերու մէջ: Լիբանան տիրացաւ մէկ առաջնութեան: