Երէկ Խրուաթիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը, որ յատկացուած էր փոքրերուն, տարբեր դասակարգերու մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 երկիրներէ եկած 197 մարզիկներ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ռոպեր Քէյրուզ ըսաւ, որ թէեւ լիբանանցի մարզիկները որեւէ մետալի չկրցան տիրանալ, սակայն յաջողեցան ձեռք ձգել միջազգային շատ մեծ փորձառութիւն, որ իր լաւ անդրադարձը պիտի ունենայ ապագայի հաշուոյն: