Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – Լուէյզի մրցումը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
Թատամոն (6-րդ) արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 7 պարտութիւն, մինչ Լուէյզի (5-րդ) արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած նոյնքան պարտութիւն: