Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէօ եւ ակումբի խմբապետ Անտրես Ինիեսթա իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին մարզիչ Լուիս Էնրիքէի, որ մեծ ճնշումի տակ է, մանաւանդ որ նախորդ շաբաթավերջին Լեկանեսի դէմ արձանագրուած դժուարին յաղթանակէն ետք (2-1), Պարսայի համակիրները դժգոհութեան սուլիչներով իրենց զայրոյթը յայտնեցին անոր նկատմամբ, երբ ան դուրս կու գար «Քամփ Նու» մարզադաշտէն:
Նշենք, որ ակումբին համակիրներուն համար ցարդ անմարսելի է իրենց կազմին կրած բաւական ծանր պարտութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենէն, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ (4-0): Այս պատճառով անոր յաջորդ հանգրուան հասնիլը շատ չնչին է:
Անոր մարզիչի ասպարէզին ընթացքին եւս ատիկա եղաւ մեծագոյն ամօթալի պարտութիւնը: