Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Ուէյն Ռունի, որ ցարդ վիրաւոր է, կրնայ բացակայիլ այս կիրակի օր «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումէն:
Ռունի, որ ակումբին պատմութեան մէջ բոլոր ժամանակներու ռմբաձիգն է, այս ամսուան սկիզբէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը յայտնէ, որ ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դժուար թէ կարենայ մինչեւ այս շաբաթավերջ ապաքինիլ:
Նշենք, որ Եունայթըտ ցարդ այս տիտղոսին տիրացած է չորս անգամ: