
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ ԺոզԷ Մուրինիօ տեղեկացուց, որ ինչո՛ւ անգլիացի պաշտպան Լիւք Շոն մաս չէ կազմած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ Ֆրանսա ճամբորդած Մանչեսթըր Եունայթըտի խումբին:
«Շօ մնացած է Մանչեսթըր, որովհետեւ խումբին մէջ կան Պլինտը, Ռոխոն եւ Տարմիանը: Ինծի հաճելի կը թուի, թէ ինչպէս անոնք կը կատարեն եզրային պաշտպանի պարտականութիւնները: Լիւքը պէտք է սպասէ իր առիթին: Պէտք է աւելի շատ աշխատի եւ գիտնայ, որ ոչինչ այնպէս դիւրին կը տրուի: Ներուժի առումով անոր մէջ շատ բաներ ինծի հաճելի կը թուին, բայց ներուժը այլ բան մըն է, դաշտին մէջ որակդ ցուցադրելը` այլ: Ան պէտք է շարունակէ ջանասիրաբար աշխատիլ, ինչպէս ատիկա երկար ժամանակ կ՛ընէր Հենրիխ Մխիթարեան», նշեց Մորինիօ:
«Հենրիխ Աշխարհի Ամէնէն Յայտնի Հայերէն Մէկը»
«Հենրիխ Մխիթարեան այժմ աշխարհի ամէնէն յայտնի եւ հարուստ հայերէն մէկն է», գրած է «Պի.Պի.Սի.»-ն` աւելցնելով. «Ան երկրէ մըն է, որ հինգ տարի շարունակ` 1989-էն մինչեւ 1994 թուականը պատերազմի մէջ եղած է դրացի Ազրպէյճանի հետ` վիճելի տարածքի պատճառով, տակաւին փոխյարաբերութիւններ չունի Թուրքիոյ հետ` կապուած Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն:
Ուրեմն Մխիթարեան ստիպուած էր ծառայել ազգային բանակին մէջ, նախքան անոր արտօնէին արտասահման տեղափոխուիլ:
Ինք` Մխիթարեան կը նշէ. «Շատ դժուար էր մեծնալ Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն, երբ այդքան շատ խնդիրներ ունէինք մեր դրացիներուն հետ, մեր երկիրը պատերազմի մէջ էր: Շատ դժուարին իրավիճակ էր: Նախքան ֆութպոլային ասպարէզ սկսիլը, ես պէտք է ծառայէի բանակին մէջ: Ես ծառայութեան անցայ, երբ 20 տարեկան էի: Ատկէ ետք արդէն իրաւունք ստացայ այլ ակումբ տեղափոխուելու»:
Մխիթարեանի Բարձր Մակարդակը. «Միրրըր»
Բրիտանական «Միրրըր» թերթը Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը ներառած է Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի 1/8 հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: Թերթը գրած է.
«Հայ միջնապահը կը շարունակէ մեծցնել Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ իր դերը, եւ Պլեքպըրնի դէմ մրցումին մէջ պարզապէս մէկ դասակարգ բարձր էր:
«Կոլի հրաշալի փոխանցման այդ մէկ պահն ալ ցոյց տուաւ, որ որքան շլացնող է ան:
«Եւ այդ պահն ալ բաւական կ՛ըլլար զինք խորհրդանշական հաւաքական ներառելու համար, բայց ան ամբողջ մրցումին ընթացքին շատ բարձր մակարդակի վրայ մնաց»:


