Մարզական

Տուպայի Տղոց Պասքեթպոլի 28-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Երրորդ. Սալա Տիրացաւ Տիտղոսին

  Շաբաթ, 25 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 28-րդ մրցաշարքը: Երրորդ դիրքի մրցումին, ՀՄԸՄ 101-83 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաժեսի, իր անունը արձանագրեց այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ, երբ գրաւեց երրորդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալին: Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես նախընտրեց դաշտ չներկայացնել Ֆատի Խաթիպը, Տուայն Ճեքսընը եւ Քեւին Կալուէյը: Իսկ Սաժեսէն բացակայեցան մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Սաժես` 2-0

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին 23-րդ վայրկեանին, հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան բացաւ հաշիւը (փենալթիով), իսկ 79-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեան արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Մրցումին 88-րդ վայրկեանին Սաժես ձեռք ձգեց փենալթի մը, սակայն բերդապահ Յարութ Սարգիս...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կատարեց Տարեշրջանի Իր Վերջին Մրցումը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ ճակատեցաւ «Ճէյ. Էս. Քէյ.»-ի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ: Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով ուշացած էր, բայց ՀՄԸՄ, դարձեալ կիրարկելով «Փաուըր Փլէյ» խաղաոճը, վերջին վեց վայրկեանին նշանակեց երեք կոլ եւ հաւասարեցուց...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կրտսերներու Խումբը Սկսաւ Յաղթանակով

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանոութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբը կատարեց իր առաջին մրցումը` ճակատելով Մապարրայի դէմ: Մապարրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ տարեշրջանը, երբ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սերժ Օսքեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը (Բ. կիսախաղին), իսկ Սերուժ Քէշիշեան` յաղթանակի կոլը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

Երէկ` կիրակի, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աղջկանց պասքեթպոլի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Բ. դասակարգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Գ. դասակարգին մաս կազմող 1875 անունը կրող խումբը: Երկու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումին արդիւնքը պիտի վճռէր, թէ նոր տարեշրջանին ո՛ր խումբը մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին: Փլէյ-օֆի այս մրցումին ընթացքին 1875 61-55 արդիւնքով յաղթանակ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ինտիֆահ` 2-1

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 25 փետրուարին, Շարքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ինտիֆահին: ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերն ալ նշանակեց Էլի Պոլաժի (փենալթիներով):

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – «Իքս. Իքս. Էլ.» Պայմանագրութեան Կնքում

PROFOTO Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր «Ռեճընսի Փալաս» պանդոկին մէջ (Ատմա), Իքս. Իքս. Էլ.» ընկերութիւնը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մթ կնքեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ: Սոյն ընկերութիւնը այսպիսով պիտի ըլլայ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ, ընդհանուր...

Նախարար Ֆընէյշ Ջնջեց «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի Ստացած Արտօնագիրը

  Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յատուկ որոշումով մը ջնջեց Խառն մարտարուեստի ընկերակցութեան ստացած արտօնագիրը: Նախկին նախարարին կողմէ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ը ճանչցուած էր իբրեւ արտօնագիր ստացած ֆետերասիոն մը: Նախարարը յայտնեց, որ Խառն մարտարուեստի` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան ճաղերու ետին, եւ ուր կը գործածուի վայրագութիւն, այսուհետեւ երբեք արտօնելի չեն Լիբանանի մէջ: Հաղորդագրութեան վերջին բաժինով յայտարարուեցաւ, որ օրինազանցները...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժան Համմամի, նախանցեալ օր այցելեց Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Համմամին կ՛ընկերակցէին ողիմպիական կոմիտէի անդամներ Վաչէ Ծատուրեան, Հաշեմ Հայտար, Իզզաթ Քրայթեմ, Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ Հասսան Ռըսթոմ: Պատուիրակութիւնը նախարարին հետ քննարկեց մարզական կեանքը յուզող բազմաթիւ հարցեր` շնորհաւորելէ ետք նախարարը իր այս նոր պաշտօնին նշանակումին առիթով: Նախարար Ֆընէյշ յոյս յայտնեց, որ...

Հենրիխ Մխիթարեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Արժանացան «Հայկեան» Մրցանակին

Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկեան» մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ռիօ-2016-ի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին մրցանակ շնորհուեցաւ մարզաշխարհի զարգացման գործին մէջ ունեցած իր նշանակալի ներդրումին եւ նուիրումին համար, իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին` հայկական ֆութպոլի զարգացման մէջ ունեցած իր...

«Ֆայթ Նայթ»-ը Խլեց Ազրպէյճանցի Մարզիկին Յաղթած Վարդան Ասատրեանի Հետ Իր Կնքած Պայմանագիրը

«Ֆայթ Նայթ»-ը Խլեց Ազրպէյճանցի Մարզիկին Յաղթած Վարդան Ասատրեանի Հետ Իր Կնքած Պայմանագիրը

Spots.news.am կայքը կը հաղորդէ, որ «Ֆայթ նայթ կլոպըլ» ընկերութիւնը դադրեցուց Ռուսիան ներկայացնող խառն մենամարտերու մարզիկ Վարդան Ասատրեանի հետ իր համագործակցութիւնը: Ընկերութեան յայտարարութեան համաձայն, հայ մարզիկին հետ պայմանագիրը խզուեցաւ` կնքուած համաձայնագիրին օրէնքները խախտելուն պատճառով: Նշենք, որ Ասատրեան, յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին, ցուցադրեց Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչ որ այդ ընկերութեան կողմէ նկատուեցաւ այլ ազգերու նկատմամբ անարգալից վարքի դրսեւորում:

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ` Տիտղոսակիր

Մխիթարեան (կեդրոնը) Երէկ երեկոյեան Ուեմպլիի մարզադաշտը հիւրընկալեց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին 85 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Սաութհեմփթըն: Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Եունայթըտ, տիրացաւ տիտղոսին, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Զլութան Իպրահիմովիչ, որ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (19-րդ), աւարտէն երեք վայրկեան առաջ նշանակեց Եունայթըտի յաղթանակի կոլը: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարագլուխի Դիրքը Գրաւող Բոլոր Խումբերն Ալ` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Անգլիոյ մէջ, Չելսի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սուանզիի: Այսօր` երկուշաբթի, Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Լայսթըր Սիթիի, որ բարձրագոյն դասակարգէն Ա. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է (այժմ` 18-րդ): Իտալիոյ մէջ եւս, Եուվենթուս 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էմփոլիին, իր կարգին ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա...

Տուպայի Միջազգային Պասքեթպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Չկրցաւ Հասնիլ Աւարտականին

ՀՄԸՄ - Սալա երէկուան մրցումէն Երէկ յետմիջօրէին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցան Տուպայի միջազգային մրցաշարքին կիսաւարտականի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռիատի եւ Սալա ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսերը: Ռիատի 89-75 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսի, մինչ Սալա` ՀՄԸՄ-ի, 96-87 արդիւնքով: Երրորդ դիրքի մրցումին, այսօր ՀՄԸՄ կը մրցի Սաժեսի դէմ (ժամը 16:00-ին), իսկ աւարտականի մրցումին, ժամը 18:00-ին, իրարու դէմ կը մրցին Ռիատի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Սաժեսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Այսօր ՀՄԸՄ-ի արձանագրելիք յաղթանակը կը նկատուի շատ կարեւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքերու հասնիլ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խիտ շարքերով ուղղուիլ Պուրճ Համուտի...

Վարդան Ասատրեան Նաք-Աութի Ենթարկեց Ազրպէյճանցի Մարզիկը Եւ Ցուցադրեց Արցախի Հանրապետութեան Դրօշակը

Խիմքիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Ֆայթ նայթց» խառն մենամարտերու մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ռուսիան ներկայացնող Վարդան Ասատրեան թեքնիք նաք-աութով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Էլնար Իպրահիմովին: Առաջին ռաունտին աւարտէն 55 երկվայրկեան առաջ, իրաւարարը դադրեցուց այս մենամարտը, որովհետեւ Ասատրեանի հարուածներէն ետք ազրպէյճանցի մարզիկը անօգնական վիճակի մէջ էր: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վարդան Ասատրեան ցուցադրեց Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – 1875

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով, վաղը` կիրակի, 26 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, երբ ՀՄԸՄ Պէյրութ ճակատի 1875 խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Այս մրցումը ՀՄԸՄ Պէյրութի (Բ. դասակարգ) եւ 1875-ի (Գ. դասակարգ) միջեւ, որ փլէյ-օֆի մրցում մըն է, շատ կարեւոր կը նկատուի,...

Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ-ական Հեծելանւորդներ Արաբկիրլեան Եւ Քանլեճեան Լիբանանի Ազգային Խումբին Հետ Մեկնեցան Պահրէյն

Նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամա մեկնեցաւ Լիբանանի երիտասարդներու (1999-2000-ի ծնունդ) ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 փետրուարէն 2 մարտ` մասնակցութեամբ 40 երկիրներու հեծելանւորդներուն: Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` չորս մարզիկով: ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներ Կարէն Արաբկիրլեան եւ Յովսէփ Քանլեճեան, պիտի ներկայացնեն Լիբանանը` Պահրէյնի մէջ, Եան-Եոնաթըն Պուզանի եւ Ուսամա Ահտապի...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Յաղթարշաւը Տուպայի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Եգիպտոսի` 98-80 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Յաղթարշաւը Տուպայի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Եգիպտոսի` 98-80 Արդիւնքով

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ լիբանանեան երեք խումբերը` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես, մրցումներ կատարեցին: ՀՄԸՄ ճակատեցաւ Եգիպտոսի ազգային հաւաքականին դէմ եւ շատ լաւ խաղարկութեամբ 98-80 արդիւնքով (կիսախաղ` 49-48), արժանի յաղթանակ մը արձանագրեց` ուրախացնելով աշխարհասփիւռ իր համակիրները: Այսպիսով, ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 117 – Թատամոն 48

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Թատամոն մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս առանց դժուարութեան գերազանցեց իր մրցակիցը` 117- 48  պատուաբեր արդիւնքով: ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ կատարած է 8 մրցում, արձանագրած է 7յաղթանակ, կրած պարտութիւն մը:

Page 1006 of 1277 1 … 1,005 1,006 1,007 … 1,277

Արխիւներ