Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ կատարած է 7 մրցում արձանագրած է 6 յաղթանակ, կրած պարտութիւն մը եւ իր տրամադրութեան տակ ունի 19 կէտ: Իսկ Թատամոն արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ եւ կրած 7 պարտութիւն: Անիկա ունի 10 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: