Վիեթնամի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Տոնկթամ Լոնկանհոշիմին մրցումը գրեթէ աւարտելու վրայ էր, երբ անիկա կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ:
Սակայն ի նպաստ Հոշիմինի փենալթի մը սուլեց օրուան իրաւարարը` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն:
Այդ որոշումին դէմ իբրեւ բողոք, Տոնկթամ Լոնկան թոյլ տուաւ, որ մրցակիցը կորսուած վայրկեաններուն նշանակէ 3 կոլ եւ 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ: