Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ շաբաթ, 18 փետրուարին, Ճափոն մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը ամբողջացաւ, երբ Սափորօ մեկնեցան լիբանանցի վերջին մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սափորօ-2017-ի ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերուն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեց Սափորոյի նահանգապետը, ներկայութեամբ` լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Զէյտանի: Ապա նահանգապետը եւ Զէյտան երկուքը, իրարու հետ յուշանուէրներու փոխանակում կատարեցին: