
Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանոութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբը կատարեց իր առաջին մրցումը` ճակատելով Մապարրայի դէմ:
Մապարրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ տարեշրջանը, երբ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սերժ Օսքեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը (Բ. կիսախաղին), իսկ Սերուժ Քէշիշեան` յաղթանակի կոլը:


