Երէկ` կիրակի, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աղջկանց պասքեթպոլի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Բ. դասակարգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Գ. դասակարգին մաս կազմող 1875 անունը կրող խումբը:
Երկու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումին արդիւնքը պիտի վճռէր, թէ նոր տարեշրջանին ո՛ր խումբը մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին:
Փլէյ-օֆի այս մրցումին ընթացքին 1875 61-55 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (կիսախաղ 29-24` ի նպաստ մրցակիցին), Էներժի խումբին հետ բարձրացաւ Բ. դասակարգ, մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութ փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ: