Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Սաժեսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի արձանագրելիք յաղթանակը կը նկատուի շատ կարեւոր, որպէսզի կարելի ըլլայ դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքերու հասնիլ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խիտ շարքերով ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: