Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով, վաղը` կիրակի, 26 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, երբ ՀՄԸՄ Պէյրութ ճակատի 1875 խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Այս մրցումը ՀՄԸՄ Պէյրութի (Բ. դասակարգ) եւ 1875-ի (Գ. դասակարգ) միջեւ, որ փլէյ-օֆի մրցում մըն է, շատ կարեւոր կը նկատուի, որովհետեւ յաղթականը 2016-2017 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Բ. դասակարգին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ յաղթանակի մը կարիքը ունի` մնալու համար Բ. դասակարգ: