
Երէկ յետմիջօրէին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցան Տուպայի միջազգային մրցաշարքին կիսաւարտականի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռիատի եւ Սալա ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսերը:
Ռիատի 89-75 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսի, մինչ Սալա` ՀՄԸՄ-ի, 96-87 արդիւնքով:
Երրորդ դիրքի մրցումին, այսօր ՀՄԸՄ կը մրցի Սաժեսի դէմ (ժամը 16:00-ին), իսկ աւարտականի մրցումին, ժամը 18:00-ին, իրարու դէմ կը մրցին Ռիատի եւ Սալա:
Նշենք, որ նախանցեալ օր ՀՄԸՄ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 96-67 արդիւնքով յաղթելով Սաժեսի, գրաւեց երրորդ դիրքը: