Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յատուկ որոշումով մը ջնջեց Խառն մարտարուեստի ընկերակցութեան ստացած արտօնագիրը:
Նախկին նախարարին կողմէ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ը ճանչցուած էր իբրեւ արտօնագիր ստացած ֆետերասիոն մը:
Նախարարը յայտնեց, որ Խառն մարտարուեստի` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան ճաղերու ետին, եւ ուր կը գործածուի վայրագութիւն, այսուհետեւ երբեք արտօնելի չեն Լիբանանի մէջ:
Հաղորդագրութեան վերջին բաժինով յայտարարուեցաւ, որ օրինազանցները պիտի ենթարկուին դատական հետապնդումի: