Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժան Համմամի, նախանցեալ օր այցելեց Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Համմամին կ՛ընկերակցէին ողիմպիական կոմիտէի անդամներ Վաչէ Ծատուրեան, Հաշեմ Հայտար, Իզզաթ Քրայթեմ, Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ Հասսան Ռըսթոմ:
Պատուիրակութիւնը նախարարին հետ քննարկեց մարզական կեանքը յուզող բազմաթիւ հարցեր` շնորհաւորելէ ետք նախարարը իր այս նոր պաշտօնին նշանակումին առիթով:
Նախարար Ֆընէյշ յոյս յայտնեց, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի օժանդակէ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին: