Խիմքիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Ֆայթ նայթց» խառն մենամարտերու մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ռուսիան ներկայացնող Վարդան Ասատրեան թեքնիք նաք-աութով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Էլնար Իպրահիմովին:
Առաջին ռաունտին աւարտէն 55 երկվայրկեան առաջ, իրաւարարը դադրեցուց այս մենամարտը, որովհետեւ Ասատրեանի հարուածներէն ետք ազրպէյճանցի մարզիկը անօգնական վիճակի մէջ էր:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վարդան Ասատրեան ցուցադրեց Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները: