
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Թատամոն մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս առանց դժուարութեան գերազանցեց իր մրցակիցը` 117- 48 պատուաբեր արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ կատարած է 8 մրցում, արձանագրած է 7յաղթանակ, կրած պարտութիւն մը:


