
Շաբաթ, 25 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 28-րդ մրցաշարքը:
Երրորդ դիրքի մրցումին, ՀՄԸՄ 101-83 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաժեսի, իր անունը արձանագրեց այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ, երբ գրաւեց երրորդ դիրքը` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես նախընտրեց դաշտ չներկայացնել Ֆատի Խաթիպը, Տուայն Ճեքսընը եւ Քեւին Կալուէյը:
Իսկ Սաժեսէն բացակայեցան մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա, Թերել Սթոկլին եւ Մայք Էֆիպրա:
Խումբին մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց Ապու Շաքրայի օգնականը` Գօգօ Գրիգորեան:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Ֆատի Խաթիպ տիրացաւ «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսին:
Իսկ տիտղոսակիր հանդիսացաւ մարոքեան Սալա խումբը, որ աւարտականին, 84-73 արդիւնքով յաղթեց Ռիատիի:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Վարուժ Ներկիզեանը, որ խումբին հովանաւորութիւնը ապահովեց:


