Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կատարեց տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ ճակատեցաւ «Ճէյ. Էս. Քէյ.»-ի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ: Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով ուշացած էր, բայց ՀՄԸՄ, դարձեալ կիրարկելով «Փաուըր Փլէյ» խաղաոճը, վերջին վեց վայրկեանին նշանակեց երեք կոլ եւ հաւասարեցուց արդիւնքը (3-3):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան (2 կոլ) եւ Աւօ Տոնպուրեան:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ սիքսի 4-րդ հանգրուանին, թէեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռապիհէն, բայց մնաց դասաւորման 2-րդ դիրքին վրայ:
Զաւէն Լեփեճեան եւ Երուանդ Մանասերեան նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի երկու կոլերը:


